
Շաբաթ, 17 յունուար 2015-ին մահացաւ եգիպտացի հռչակաւոր դերասան, արաբական ֆիլմաշխարհին մէջ վաստակ ունեցող արուեստագէտ Ֆաթեն Համամա: Ան 83 տարեկան էր: Եգիպտացի դերասանը մահացաւ սրտի կաթուածի պատճառով:
Ֆաթեն Համամա դերասանութեան արուեստին անցած է 6 տարեկանէն: Իր կեանքին ընթացքին ֆիլմաշխարհին մէջ ունեցած է բազմաթիւ դերեր:
Նշենք, որ եգիպտացի դերասանին մահուան առիթով Եգիպտոսի մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարուեցաւ: Համամայի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 18 յունուարին, Եգիպտոսի մէջ. յուղարկաւորութեան ներկայ էին հազարաւոր եգիպտացիներ: