Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսական Պատուիրակութիւն Մը Կ՛այցելէ Հաւանա

Յունուար 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փաթրիք Լիհի
Փաթրիք Լիհի

Ամերիկեան քոնկրեսական պատուիրակութիւն մը երէկ հասաւ Հաւանա: Այցելութիւնը 1961-ին խզուած յարաբերութիւնները վերականգնելու Միացեալ Նահանգներ-Քուպա համաձայնութենէն ետք իր տեսակին մէջ առաջինն է:

Դեմոկրատական քոնկրեսականները նպատակ ունին հանդիպում ունենալ քուպացի պաշտօնատարներու եւ քաղաքային ղեկավարներու հետ` քննարկելու համար յարաբերութիւններու բնականոնացման համար անհրաժեշտ գործնական քայլերը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ անոր քուպացի պաշտօնակից Ռաուլ Քասթրօ 17 դեկտեմբերին յայտարարած էին երկու երկիրներուն միջեւ ձիւնհալը:

Անցեալ շաբթուան ընթացքին Քուպա ամբողջացուց 53 քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը: Վերջիններս ազատ արձակուեցան Միացեալ Նահանգներ-Քուպա համաձայնութեան հիմամբ:

Ծերակուտական Փաթրիք Լիհի յայտնեց. «Բոլորս ալ նախապէս Քուպա եղած ենք եւ ուժեղ կերպով կը զօրակցինք Քուպայի նկատմամբ մեր քաղաքականութեան մէջ նախագահին որդեգրած նոր ուղղուածութեան»:

Մինչ այդ, երէկ ուժի մէջ մտան երկու երկիրներուն միջեւ ճամբորդութեան եւ առեւտուրի նոր օրէնքները:

Նոր միջոցառումներուն շարքին ամերիկեան ձեռնարկութեանց կ՛արտօնուի կարգ մը ճարտարագիտութիւններ արտածել Քուպա:

Ամերիկացիները նաեւ այսուհետեւ պիտի կարենան մինչեւ 100 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ոգելից ըմպելի կամ ծխախոտ իրենց հետ Միացեալ Նահանգներ բերել:

Թէեւ վերոնշեալ քայլերը մեծապէս կը փոխեն Քուպայի համայնավար կառավարութեան դէմ հաստատուած առեւտուրի ամերիկեան արգելքը, սակայն միայն Քոնկրեսը կրնայ այդ արգելքը ամբողջական կերպով ջնջել:

 

Նախորդը

Երեք Ականներ Ահազանգի Կը Մատնեն Պոլսոյ Ոստիկանութիւնը

Յաջորդը

Ֆիլիփեան Կղզիներ. Վեց Միլիոն Մարդիկ Ներկայ Կը Գտնուին Մանիլայի Մէջ Պապին Մատուցած Պատարագին

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?