
NewsGeorgia.ru կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ իրադարձութիւնները Վրաստանի մէջ օգոստոս 2008-ին Ռուսիոյ գործողութիւններուն շարունակութիւնն են:
Կողմերը քննարկած են Վրաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները, Վրաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրի իրականացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռիկայի սպասումները «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովէն: Վրացական կողմը յոյս ունի, որ այնտեղ որոշում պիտի տրուի Վրաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ առանց այցեգիրի դրութեան հաստատման մասին:
Վրաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Մարկվելաշվիլի Հանի հետ հանդիպումին ընթացքին նաեւ նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները որոշակի կերպով շարունակութիւնն են այն գործողութիւններուն, որոնք օգոստոս 2008-ին կատարուած են Վրաստանի մէջ: