Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իւրաքանչիւր Ոք Իրաւունք Ունի Ուրիշին Կրօնը Վարկաբեկելու» Կ՛ըսէ Քամերոն

January 20, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տէյվիտ Քամերոն
Տէյվիտ Քամերոն

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ազատ հասարակութեան մը մէջ իւրաքանչիւր ոք իրաւունք ունի ուրիշին կրօնը վարկաբեկելու»:

Ան նշեց. «Լրատուամիջոցները պէտք է կարող ըլլան հրապարակելու բաներ, նոյնիսկ եթէ անոնք ոմանց կը վարկաբեկեն, այնքան ատեն որ հարցը օրէնքի սահմանները չ՛անցնիր»:

Քամերոն ընդգծեց. «Այնքան ատեն, որ հրատարակութիւնները օրէնքին կ՛ենթարկուին, ապա որեւէ բան հրատարակելու իրաւունքը ունին, նոյնիսկ եթէ ատիկա կը վարկաբեկէ ոմանց»:

Ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ժերար Պիար յայտարարեց, որ Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարները հրապարակուած են դաւանանքի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութեան համար:

«Մենք նոյնիսկ, երբ կը նկարենք Մոհամետ մարգարէն, ամէն անգամ, երբ կը նկարենք Յիսուսը, մենք կը պաշտպանենք դաւանանքի ազատութեան իրաւունքը», ըսած է ան:

Շաբաթաթերթին գլխաւոր խմբագիրը նշած է, որ կրօնները քաղաքական խօսքին մէջ տեղ չունին: «Մենք կը պնդենք, որ Աստուած պէտք չէ ըլլայ քաղաքական կամ հասարակական գործիչ», ըսած է խմբագիրը:

Ան պնդած է, որ «Շարլի Էպտօ»-ն կը պաշտպանէ ազատ խօսքի եւ դաւանանքի իրաւունքները, իրենց ազատութիւնները, խղճի ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ 7 յունուարին երգիծական շաբաթաթերթի խմբագրութեան դէմ յարձակում կատարուած էր: Փարիզի մէջ երկու օր շարունակուած ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառով արձանագրուած էր 17 զոհ:

Նախորդը

Փարիզի Ահաբեկչական Յարձակումներէն Ետք`. Հոլլանտի Վարկանիշը Աճած Է 21 Առ Հարիւրով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.