Միջազգային

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Քրտական  Ինքնավար Շրջան Մը Չենք Ուզեր»

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավար Շրջան Մը Չենք Ուզեր»

Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «Թուրքիա Սուրիոյ մէջ Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցողին նման քրտական ինքնավար շրջան մը չ՛ուզեր»: «Իրաքի կացութեան կրկնութիւնը չենք ուզեր, ոչ ալ հիմա կրնանք ընդունիլ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ նման երեւոյթի մը յառաջացումը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է այս հարցին մէջ մեր կեցուածքը պահպանենք, այլապէս հիւսիսային Իրաքին նման հիւսիսային Սուրիա ալ պիտի ըլլայ, եւ այդ...

Միջազգային Ղեկավարներ Մասնակցեցան  Օշուիցի Ազատագրութեան 70-Ամեակին

Միջազգային Ղեկավարներ Մասնակցեցան Օշուիցի Ազատագրութեան 70-Ամեակին

Օշուիցի համակեդրոնացման ճամբարէն վերապրած շուրջ 300 անձեր երէկ այդտեղ վերադարձան նշելու համար Կարմիր բանակին կողմէ ճամբարի ազատագրութեան 70-ամեակը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առիթով հրապարակեց Օշուիցի ազատագրութեան վերաբերեալ արխիւային փաստաթուղթեր: Վերապրողներուն կողքին ոգեկոչման արարողութեան ներկայ էին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կոք, Հոլլանտայի թագաւոր Վիլլեմ Ալեքսանտր, Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքի: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 70-ամեակի նշման եւ Ուքրանիոյ ճգնաժամին...

Թուրքիա Յունաստանի Նոր Կառավարութեան  Պիտի Առաջարկէ Վերսկսիլ Կիպրոսի  Խնդիրին Շուրջ Բանակցութիւնները

Թուրքիա Յունաստանի Նոր Կառավարութեան Պիտի Առաջարկէ Վերսկսիլ Կիպրոսի Խնդիրին Շուրջ Բանակցութիւնները

Մեւլութ Չաւուշօղլու «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիա պատրաստ է Կիպրոսի հարցով համագործակցելու Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրած ձախակողմեան ուժերուն հետ: Ան նշած է, որ Թուրքիա կը փափաքի վերսկսիլ բանակցութիւններուն, որոնք «պիտի յանգեցնեն Եգէական շրջանին մէջ եւ այլ հարցերու մէջ լարուածութեան նուազեցման»: Ան ըսած է, որ Յունաստանը հեռացած է Կիպրոսի հարցով...

Յունաստանի Մէջ.  Սիրիզա Եւ Անկախ Աջակողմեանները  Համախոհական Կառավարութիւն Կազմեցին

Յունաստանի Մէջ. Սիրիզա Եւ Անկախ Աջակողմեանները Համախոհական Կառավարութիւն Կազմեցին

Ծայրայեղ ձախակողմեան Սիրիզա կուսակցութիւնը, որ կիրակի օր Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց, աջակողմեան «Յոյն անկախներ» կուսակցութեան հետ տնտեսական սեղմումներու դէմ կառավարութիւն մը կազմեց: Սիրիզայի ղեկավար Ալեքսիս Ցիփրաս երէկ կատարեց երկրի վարչապետի երդումը: Ան կիրակի օր իր համակիրներուն առջեւ արտասանուած խօսքի մը ընթացքին ըսաւ, որ կ՛ուզէ Յունաստանի պարտքին կէսը ջնջել, պատրաստ է ընդունելի լուծումի մը շուրջ բանակցելու եւ կ՛ուզէ,...

Ասատ Պատրաստ Է Աջակցելու  Հալէպի Մէջ «Սառեցուած Գօտի»-ի  Ստեղծման

Ասատ Պատրաստ Է Աջակցելու Հալէպի Մէջ «Սառեցուած Գօտի»-ի Ստեղծման

Պաշշար Ասատ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ամերիկեան «Ֆորէյն Ըֆերզ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները պատրաստ են աջակցելու Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի Հալէպի մէջ «սառեցուած գօտի» ստեղծելու վերաբերեալ գաղափարին, որպէսզի կարելի ըլլայ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել այդ շրջանին: «Մենք այդ մէկը (սառեցուած գօտիի գաղափարը) իրականացուցած ենք նախքան Տը Միսթուրայի` այդ առաքելութեան նշանակուիլը: Մենք...

«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է  Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւններու Նոր Հանգրուանի Սկսի»  Կ՛ըսէ Պոզքըր

«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւններու Նոր Հանգրուանի Սկսի» Կ՛ըսէ Պոզքըր

Վոլքան Պոզքըր Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու պետական նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու նոր հանգրուանի սկսի: Նախարարը յայտարարած է, որ Թուրքիան իրագործած է Եւրոպական Միութեան ներկայացուցած գրեթէ բոլոր պահանջները` կառոյցին անդամակցելու համար: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ հետ պէտք է բանակցութիւններու սկսի...

Զարիֆին Պատասխանատուութեան Կը Կանչեն Քերրիի Հետ Զբօսնելուն Համար

Զարիֆին Պատասխանատուութեան Կը Կանչեն Քերրիի Հետ Զբօսնելուն Համար

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ պատասխան պիտի տայ երկրին խորհրդարանին առջեւ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ զբօսանքի մասնակցելուն համար: Իրանցի երեսփոխաններու վրդովմունքը յառաջացուցած է ժընեւի մէջ 14 յունուարին` Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու ընդմիջման ժամանակ Զարիֆի եւ Քերրիի 15 վայրկեաննոց զբօսանքը: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը պատասխանատուութեան ենթարկելու դիմումին տակ ստորագրած են 21...

Պաքու Խզած Է Ազրպէյճանի Մէջ  Ամերիկեան Նոր Դեսպանատուն Կառուցելու  Վերաբերեալ Համաձայնութիւնը

Պաքու Խզած Է Ազրպէյճանի Մէջ Ամերիկեան Նոր Դեսպանատուն Կառուցելու Վերաբերեալ Համաձայնութիւնը

Ազրպէյճանական Kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը հրաժարած է նախապէս Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրած համաձայնութենէն` Պաքուի մէջ ամերիկեան նոր դեսպանատուն կառուցելու վերաբերեալ: Դիւանագիտական աղբիւր մը «Թուրան» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ատիկա տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի կողմէ 2013-ի ընտրութիւններուն արդիւնքը քննադատելէն անմիջապէս ետք: Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանատուն կառուցելու անհրաժեշտութիւնը վաղուց կար: Գործող դեսպանատան շէնքը կառուցուած է տարիներ առաջ եւ...

68 Տարեկանին Մահացած Է  Տեմիս Ռուսոսը

68 Տարեկանին Մահացած Է Տեմիս Ռուսոսը

Անցեալ շաբաթավերջին Յունաստանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հռչակաւոր երգիչ Տեմիս Ռուսոս: Եգիպտոս ծնած ու մեծցած եւ հետագային Յունաստան տեղափոխուած Արտեմիոս Տեմիս Ռուսոս ամբողջ աշխարհի մէջ իր երգերու ալպոմներու 60 միլիոն օրինակ վաճառած է: Ան աւելի յայտնի դարձաւ 1970-ականներուն, երբ իբրեւ մենակատար ընդգրկուեցաւ յունական «Աֆրոտիթէի զաւակը» ռոք խումբին մէջ: Խորհրդային տարիներուն, երբ հանրութիւնը օտարերկրեայ ժամանակակից երգիչներու եւ երգերու ծանօթ ըլլալու շատ...

Տուման Վաւերացուցած Է Աբխազիոյ Հետ  Ռազմավարական Գործընկերութեան  Մասին Համաձայնագիրը

Տուման Վաւերացուցած Է Աբխազիոյ Հետ Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Համաձայնագիրը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տուման վաւերացուցած է Աբխազիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Աբխազիոյ ղեկավար Ռաուլ Հաճիմպա 24 նոյեմբեր 2014-ին դաշնակցութեան եւ ռազմավարական գործակցութեան մասին համաձայնագիր ստորագրած էին: Այդ փաստաթուղթը կը նախատեսէ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ընդհանուր տարածքի ստեղծում, ներառեալ` երկու երկիրներու զօրքերէն միասնական խմբաւորումներու ստեղծում: Համաձայնագիրով կ՛երաշխաւորուի նաեւ ընկերային չափանիշերու բարձրացումը: Աբխազիոյ խորհրդարանը...

Սորոս Ալիեւին Կոչ Ուղղած Է Դադրեցնելու  Քաղաքացիական Հասարակութեան Վրայ Ճնշումը

Սորոս Ալիեւին Կոչ Ուղղած Է Դադրեցնելու Քաղաքացիական Հասարակութեան Վրայ Ճնշումը

Սորոս եւ Ալիեւ Ազրպէյճանական Kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 22 յունուարին Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է յայտնի ելեւմտագէտ Ճորճ Սորոսի հետ, որ անոր կոչ ուղղած է դադրեցնելու Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան վրայ ճնշումը: Կայքը կը նշէ, որ այդ մասին ըսուած է Սորոսի հիմնադրամը եղող «Բաց հասարակութիւն» հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: Յայտարարութեան մէջ մտահոգութիւն կը յայտնուի...

«ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարներուն  Մեծ Մասը Ոչնչացուած Է»  Կ՛ըսէ Քերրի

«ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարներուն Մեծ Մասը Ոչնչացուած Է» Կ՛ըսէ Քերրի

«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ միջազգային դաշինքն ու իրաքեան ուժերը յաջողած են ոչնչացնել ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներուն կէսը, ինչպէս նաեւ` հազարաւոր զինեալներ: Ան աւելցուցած է, որ Իրաքի տարածքին մէջ դաշնակից ուժերը յաջողած են ՏԱՀԵՇ-էն վերագրաւել 700 քառակուսի քիլոմեթր մակերեսով տարածք: Միեւնոյն ժամանակ Քերրի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու գործընկերներուն կոչ...

Յունաստանի Խորհրդարանական  Ընտրութիւններ.  Ըստ Նախնական Տուեալներու  Սիրիզա Մեծ Յաղթանակ Արձանագրած Է

Յունաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Ըստ Նախնական Տուեալներու Սիրիզա Մեծ Յաղթանակ Արձանագրած Է

Երէկ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ տնտեսական սեղմումի քաղաքականութեան դէմ եղող ձախակողմեան Սիրիզա կուսակցութիւնը արձանագրած է պատմական յաղթանակ մը: Ըստ նախնական արդիւնքներուն, Սիրիզա ապահոված է քուէներուն 36-38 առ հարիւրը, իսկ իշխող Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը կը գտնուի 2-րդ դիրքին վրայ եւ ապահոված է քուէներուն 26-28 առ հարիւրը: Սիրիզայի ղեկավար Ալեքսիս Ցիփրաս խոստացած է վերատեսութեան ենթարկել...

Դամասկոսի Մէջ Զոհեր  Ու Վիրաւորներ

Դամասկոսի Մէջ Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Դամասկոսի մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ քաղաքին թաղամասերուն դէմ արձակուեցան տեղական արտադրութեամբ հրթիռներ ու ռումբեր: Դամասկոսը հարուածած աւելի քան 40 հրթիռներն ու ռումբերը պատճառեցին 6 զոհ եւ աւելի քան 50 վիրաւորներ: Անոնց շարքին հայեր չկան: «Ժէյշ Իսլամ» խմբաւորման ղեկավար Զահրան Ալլուշ շաբաթ օր յայտարարած էր, որ իր շարժումը այսօր պիտի հրթիռակոծէ Դամասկոսը:  

Զարիֆ. «Նոր Պատժամիջոցներու  Պարագային Իրան-Արեւմուտք  Բանակցութիւնները Կրնան Խափանուիլ»

Զարիֆ. «Նոր Պատժամիջոցներու Պարագային Իրան-Արեւմուտք Բանակցութիւնները Կրնան Խափանուիլ»

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու սահմանումը կրնայ խափանել Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ կայ համաձայնագիր մը, որ հեռանկարային է` համապարփակ համաձայնութիւն ձեռք բերելու առումով, սակայն եթէ որեւէ մէկը կրնայ խափանել համաձայնութիւնը, ապա պէտք...

Ապտալլա Թագաւորը  Հողին Յանձնուեցաւ

Ապտալլա Թագաւորը Հողին Յանձնուեցաւ

Երէկ կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորի յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակցեցան օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին էր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ: Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Զուիցերիա իր այցելութիւնը ընդհատելով մեկնեցաւ Ռիատ` մասնակցելու համար յուղարկաւորութեան: Յորդանանի Ապտալլա թագաւորը իր կարգին Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաք այցելութիւնը ընդհատելով մեկնեցաւ Ռիատ: Յուղարկաւորութեան մասնակցողներուն շարքին էին Իրաքէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, ինչպէս...

Ըստ Թուրքիոյ Մէջ Ղազախստանի Դեսպանին. Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը Պիտի Ողջունէ Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը

Ըստ Թուրքիոյ Մէջ Ղազախստանի Դեսպանին. Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը Պիտի Ողջունէ Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Ղազախստանի դեսպանը ըսած է, որ Թուրքիան տակաւին պաշտօնապէս չէ դիմած Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան համար, սակայն Թուրքիոյ միացումը պիտի ողջունուի: Ղազախստանի դեսպան Ժանսէիտ Թոյմեպայեւ` խօսելով Անգարայի մէջ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ դեսպաններուն հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին,  յայտնած է, որ Թուրքիոյ եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու նախագահները նախապէս քննարկած են Թուրքիոյ`...

«Եթէ Փերիքչեքի Գործը Թուրքիոյ Ի Նպաստ Չըլլայ, Եւրոպական Միութիւնը Մեզ Այլեւս Խօսքի Ազատութիւնը Չյարգելու Համար Թող Չքննադատէ»   Կ՛ըսէ Պոզտաղ

«Եթէ Փերիքչեքի Գործը Թուրքիոյ Ի Նպաստ Չըլլայ, Եւրոպական Միութիւնը Մեզ Այլեւս Խօսքի Ազատութիւնը Չյարգելու Համար Թող Չքննադատէ» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Պեքիր Պոզտաղ «ՕՏԱ Թի.Վի.» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ անդրադարձած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ 28 յունուարին տեղի ունենալիք թուրք գործիչ Տողու Փերինչեքի գործով դատավարութեան: «Արեւմուտքը պարբերաբար Թուրքիան կը քննադատէ` խօսքի ազատութիւնը չյարգելու համար: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը այս առումով քննութիւն պիտի անցընէ: Եթէ Թուրքիոյ դէմ որոշում տրուի, ապա յստակ կ՛ըսեմ, որ ատիկա պիտի նշանակէ Մարդկային...

Սէուտական Արաբիոյ  Ապտալլա Թագաւորը Ոչ Եւս Է

Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Թագաւորը Ոչ Եւս Է

Երէկ կէս գիշերէն ետք Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կնքեց իր մահկանացուն` 91 տարեկանին: Սէուտական Արաբիոյ պատկերասփիւռի կայանները ընդհատեցին իրենց յայտագիրները եւ սկսան սփռել քորանէն հատուածներ: Ապտալլա թագաւորին մահուան յայտարարութենէն անմիջապէս ետք Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր նշանակուեցաւ Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը, իսկ գահաժառանգ` Մուքրեն Պըն Ապտել Ազիզ իշխանը:  

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Ուաշինկթըն Այլեւս Չի Ձգտիր  Արագ Տապալել Ասատը

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Ուաշինկթըն Այլեւս Չի Ձգտիր Արագ Տապալել Ասատը

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը կ՛ընկալեն իբրեւ խոչընդոտ ծայրայեղականներուն համար, որոնք կը փորձեն երկրին մէջ գրաւել իշխանութիւնը: «Միացեալ Նահանգներու կողմէ դիւանագիտական երկու նախաձեռնութիւններուն օգնութիւնը հասկցնել կու տայ, որ անոնց հայեացքները քաղաքացիական պատերազմը աւարտելու առնչութեամբ փոխուած են, իսկ Արեւմուտքը, մեծ ուշադրութիւն չդարձնելով ատոր, հրաժարած է Պաշշար Ասատի անյապաղ հրաժարականը պահանջելէ», կ՛ըսուի թերթի յօդուածին մէջ:...

Page 877 of 881 1 … 876 877 878 … 881

Արխիւներ