Երէկ Սոմալիի մայրաքաղաք Մոկատիշուի մէջ ականահարուած ինքնաշարժ մը թիրախ դարձուց տեղական պանդոկ մը, որուն մէջ կը գտնուէր թուրք պատուիրակութիւն մը: Մարդկային կորուստներ չկան:
Նշենք, որ ականահարուած ինքնաշարժին պայթումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Մոկատիշու նախատեսուած այցելութեան նախօրեակին: