Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օպամա Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներ Չհաստատելու Եւ Ամերիկեան Բանակին ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ցամաքային Պատերազմ Մղել Արտօնելու

Յունուար 22, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պարաք Օպամա
Պարաք Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսին մէջ «Միութեան վիճակ»-ի իր տարեկան ուղերձին ընթացքին յայտարարեց, որ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներուն, Ռուսիա մեկուսացուած է եւ անոր տնտեսութիւնը քանդուած: Ան ըսաւ. «Ռուսական յարձակումին մեր ընդդիմութեան, Ուքրանիոյ մէջ ժողովրդավարութեան մեր աջակցութեան եւ ՕԹԱՆ-ի մեր դաշնակիցներուն երաշխիքներ տալու միջոցով` մենք կը պաշտպանենք այն սկզբունքը, որ մեծ տէրութիւնները պէտք չէ ճնշեն փոքր պետութիւնները»:

Անդրադառնալով վերջերս Փարիզի մէջ կատարուած յարձակումներուն` Օպամա ըսաւ, որ իսլամներէն վախնալը ամերիկեան արժեչափերուն մէջ մերժուած է, եւ մերժեց այն սկզբունքը, որ իսլամները թշնամական են:

Օպամա խոստացաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յաղթանակ արձանագրել, «նոյնիսկ եթէ ատիկա ժամանակի կարօտի», եւ յայտարարեց, որ  ահաբեկիչներուն եւ անոնց ցանցերուն դէմ պայքարը պիտի շարունակէ: Ան Քոնկրեսին կոչ ուղղեց` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ցամաքի վրայ կռուիլը արտօնելու` նշելով, որ իր երկրին ղեկավարած միջազգային դաշինքին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ծաւալած արշաւը յաջող է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր ուղերձին ընթացքին սպառնաց վեթոյի իր իրաւունքը օգտագործել, եթէ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամները իրեն փոխանցեն Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու օրինագիծ մը` զգուշացնելով. «Քոնկրեսին կողմէ նոր պատժամիջոցներու որդեգրումը պիտի նշանակէ դիւանագիտութեան ձախողութիւնը»: Ան ըսաւ. «Մինչեւ գարուն կարելիութիւնը ունինք բանակցելու ամբողջական համաձայնութեան մը շուրջ, որ Իրանի կ՛արգիլէ հիւլէական զէնք ունենալ եւ կ՛ապահովէ Ամերիկայի եւ անոր դաշնակիցներուն, ներառեալ` Իսրայէլի անվտանգութիւնը` զգուշանալով Միջին Արեւելքի մէջ նոր տագնապէ»:

«Որեւէ երաշխիք պիտի չըլլայ, եթէ բանակցութիւնները յաջողութեամբ չպսակուին, եւ ես հիւլէական զէնքի տէր Իրանի մը գոյութիւնը կանխարգիլելու համար բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ կը պահեմ», զգուշացուց ան` աւելցնելով սակայն. «Վեթոյի իրաւունքս պիտի օգտագործեմ պատժամիջոցներու որեւէ օրէնքի դէմ»:

Օպամա Քոնկրեսին նաեւ կոչ ուղղեց` Քուպայի դէմ 1961-էն ի վեր հաստատուած տնտեսական պաշարումը ջնջելու: «Քոնկրեսը այս տարուան ընթացքին պէտք է պաշարումը վերցնելու աշխատանքին սկսի», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Էրտողան. «ՏԱՀԵՇ Ահաբեկչական Խմբաւորում Մըն Է, Որ Իրաքի 40 Առ Հարիւրը Գրաւած Է Եւ Սուրիոյ Մէջ Ահ Ու Սարսափ Կը Տարածէ»

Յաջորդը

«Իրան Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բոլոր Տարակարծութեանց Շուրջ Երկխօսութիւն Կատարելու» Կ՛ըսէ Շամխանի

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?