Գերմանական Ոստիկանութիւնը Իսլամականներու Դէմ Արշաւի Ծիրին Մէջ Երկու Թուրքեր Ձերբակալեց
Գերմանացի ոստիկաններ երէկ կանուխ առաւօտուն Պերլինի մէջ իսլամականներու վայրեր խուզարկեցին` ձերբակալելով Սուրիոյ մէջ յարձակում մը ծրագրող խմբակի մը մաս կազմող երկու կասկածելիներ: Շուրջ 250 ոստիկաններ խուզարկեցին 11 վայրեր` ձերբակալելով երկու թուրքեր: Անոնցմէ մէկը 41 տարեկան է եւ կը կարծուի թուրքերէ, չեչեններէ եւ տաղստանցիներէ կազմուած իսլամական ծայրայեղական խմբակի մը ղեկավարը ըլլալ: 43-ամեայ երկրորդ կասկածելին կը կարծուի ֆինանսաւորման հարցերով զբաղիլ: Գերմանական ոստիկանութիւնը...



















