Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Իսրայէլեան Պատերազմական Ոճիրներու Շուրջ Հետաքննութիւնը Ողբերգական Հեգնանք Մըն Է»

Յունուար 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11815_ICCՈւաշինկթըն դատապարտեց Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան պատերազմական ոճիրներուն շուրջ նախնական հետաքննութիւն բանալու որոշումը` զայն նկատելով «ողբերգական հեգնանք մը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը այդ քայլը նկատեց «ողբերգական հեգնանք մը»` նշելով. «Իսրայէլ իր քաղաքացիներուն եւ թաղամասերուն դէմ արձակուած հազարաւոր հրթիռներ դիմակայած է, իսկ հիմա Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ ամբողջական անկախութեամբ պիտի սկսին հետաքննել իսրայէլեան ոճիրներ, որոնք թերեւս կրնան տեղի ունեցած ըլլալ անցեալ յունիս եւ յուլիս ամիսներուն` Կազայի դէմ պատերազմին ընթացքին»:

Միջազգային քրէական դատարանը ուրբաթ օր յայտարարած էր, որ դատախազութիւնը «պաղեստինեան հողամասերուն վրայ հաւանական պատերազմական ոճիրներու շուրջ նախնական հետաքննութիւն պիտի կատարէ», ինչ որ առաջին քայլ մըն է, որ կրնայ իսրայէլացի եւ թերեւս պաղեստինցի պաշտօնատարներու դէմ ամբաստանութեանց առաջնորդել:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այդ հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն հիմամբ պիտի ճշդուի, եթէ կացութիւնը արժանի է ամբողջական հետաքննութեան: Վերջինիս պարագային իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերէն անհատներու դէմ ամբաստանութիւններ կրնան ներկայացուիլ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման` մեկնաբանելով Միջազգային քրէական դատարանի վերոնշեալ յայտարարութիւնը, ըսաւ. «Միջազգային քրէական դատարանի` պաղեստինեան շրջաններուն մէջ պատերազմական ոճիրներու շուրջ հետաքննութիւն կատարելը ամօթալի է»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Երուսաղէմի մէջ պաշտօնական աղբիւրներ յայտնած են, որ «Իսրայէլ կը մերժէ Պաղեստինեան իշխանութեան ամօթալի պահանջին վրայ հիմնուած նախնական հետաքննութիւն բանալու մասին դատախազին յայտարարութիւնը»` աւելցնելով. «Պաղեստինեան իշխանութիւնը պետութիւն մը չէ, ուստի մինչեւ իսկ դատարանի կանոններուն հիմամբ բացառուած է, որ դատարանը այդպիսի հետաքննութիւն մը կատարէ»:

Նախորդը

Ֆիլիփեան Կղզիներ. Վեց Միլիոն Մարդիկ Ներկայ Կը Գտնուին Մանիլայի Մէջ Պապին Մատուցած Պատարագին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?