Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թեհրան Այցելութեան Հարցով Փոփոխութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

March 31, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան
Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հերքեց, թէ հակառակ իրանեան խորհրդարանէն հնչած` Թեհրան նախատեսուած իր այցելութիւնը ջնջելու կոչին, այցելութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած: Այդ կոչերը հնչած էին Էրտողանի կողմէ Եմէնի մէջ Իրանի «միջամտութեան» նկատմամբ քննադատութենէն ետք:

Էրտողան Սլովենիա մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնած է. «Իրանէն երկու տարբեր ձայներ հնչեցին: Առաջինը, խորհրդարանի մէկ յանձնախումբը, փոխնախագահ մը (խօսեցաւ)… Սակայն անոնք զրուցակիցներս չեն… Անոնք չէ, որ մեր այցելութիւնը կ՛որոշեն: Մենք է, որ պիտի որոշենք երթալ կամ ոչ: Մեր ժամանակացոյցը կը պահենք, սակայն Եմէնի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն կը հետեւինք»:

Էրտողան կոչ ուղղեց Եմէնի հողային ամբողջականութիւնը «յարգելու եւ պահպանելու» եւ զգուշացուց երկրին մէջ «ներքին կամ արտաքին միջամտութիւններէն»:

«Մենք շեշտեցինք, որ անոնք, որոնք Եմէնի մէջ կը միջամտեն, պէտք է երկրէն հեռանան», ըսաւ ան:

«Եմէնի զարգացումները մեզի համար կենսական են: Մեր տալիք որեւէ տեսակի որոշումին համար որեւէ քայլեր հաւանական են: Սակայն ներկայիս (Իրանի համար) ժամանակացոյցին մէջ առայժմ փոփոխութիւն չկայ», աւելցուց Էրտողան:

26 մարտին Էրտողան Իրանը ամբաստանած էր «Միջին Արեւելքին տիրել ջանալու» յանցանքով եւ ըսած, որ այդ ջանքերը սկսած են նեղացնել Անգարան, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիան ու Ծոցի արաբական երկիրները: Այդ յայտարարութենէն ետք, իրանցի երեսփոխան Մեհտի Զահիտի կոչ ուղղեց Էրտողանի Իրան այցելութիւնը ջնջելու:

Ըստ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին, այդ այցելութիւնը կը նախատեսուի 5 ապրիլին:

 

Նախորդը

«Վճռակամութեան Փոթորիկ»-ը Եմէնցի Ժողովուրդն Ու Օրինական Կառավարութիւնը Պաշտպանելու Համար Է» Կ՛ըսէ Դեսպան Ժուպէյր

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.