Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական Կուսակցութիւնը Օպաման Աւելի Վտանգաւոր Կը Նկատէ, Քան Փութինը

March 31, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պարաք Օպամա
Պարաք Օպամա

Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան մէկ երրորդը կը հաւատայ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իրենց երկրին համար կը ներկայացնէ անմիջական վտանգ մը, որ աւելի մեծ է, քան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայացուցած վտանգները:

Այս ամիս համացանցի ճամբով «Ռոյթըրզ-Իփսոս»-ի կազմակերպած հարցախոյզին մասնակցած են 2809 ամերիկացիներ, որոնք գնահատած են երկիրներու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու ցանկը` ըստ Միացեալ Նահանգներուն դէմ անոնց ներկայացուցած վտանգի չափին, 1-էն 5 սանդուխին հիմամբ: 1-ը նախատեսուած եղած է սպառնալիքի բացակայութեան համար, իսկ 5-ը` անմիջական սպառնալիքի:

Հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց տուած են, որ հանրապետականներուն 34 առ հարիւրը Օպաման կը նկատէ անմիջական սպառնալիք` Փութինէն (25 առ հարիւր) եւ Ասատէն (23 առ հարիւր) առաջ:

16-24 մարտին կատարուած հարցախոյզին մասնակցած են 1083 դեմոկրատականներ եւ 1059 հանրապետականներ: Ըստ հարցախոյզին արդիւնքներուն, հանրապետականներուն 27 առ հարիւրը Դեմոկրատական կուսակցութիւնը նկատած է Միացեալ Նահանգներուն համար անմիջական վտանգ մը, իսկ դեմոկրատականներուն 22 առ հարիւրը` հանրապետականները:

Հարցախոյզին մասնակիցները առաւելաբար մտահոգ էին ահաբեկչական յարձակումներու հաւանականութեան նկատմամբ: Հարցախոյզին մասնակիցներուն 58 առ հարիւրը ՏԱՀԵՇ-ը կը նկատէ անմիջական վտանգ մը, իսկ 43 առ հարիւրը` Քայիտան:

Հարցախոյզին մասնակիցներուն 34 առ հարիւրը Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ունը նկատած է սպառնալիք մը, իսկ 27 առ հարիւրը` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին:

 

Նախորդը

Ասատ Էրտողանը Մեղադրած Է 21-րդ Դարու Նոր Սուլթանը Դառնալու Ցանկութեան Համար

Յաջորդը

«Անատոլու» Լրատու Գործակալութիւնը Քննադատելու Համար 58 Անձերու Նկատմամբ Դատական Հետաքննութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.