«Աշխարհի Փոխարէն Սուրիա Եւ Իրաք ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Կը Պայքարին» Ըսաւ Ժաաֆարի
Մոաալեմ եւ Ժաաֆարի Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի երէկ ընդառաջելով իր սուրիացի պաշտօնակիցին հրաւէրին այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ներառեալ` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Ան իր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկեց ահաբեկչութեան թղթածրարը եւ շարք մը հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր` նշելով, որ աշխարհի փոխարէն Սուրիա եւ Իրաք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը կռուին: Ան յայտնեց, որ Իրաքի ապահովութիւնը կը բխի...


















