Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Միացեալ Ուժի Ստեղծման Շուրջ Համաձայնութիւն. Արաբական Վեհաժողովը Կը Զօրակցի Եմէնի Մէջ Արաբական Երկիրներու Զինուորական Գործողութեան

March 30, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-29-15Arab-SummitՇարմ Շէյխի մէջ երէկ վերջ գտաւ Արաբական 26-րդ վեհաժողովը, որ հաստատեց Եմէնի մէջ արաբական երկիրներու զինուորական գործողութեան շարունակութիւնը, համաձայնութիւն գոյացուց արաբական միացեալ ուժի ստեղծման շուրջ, ինչպէս նաեւ հուսի զինեալներուն կոչ ուղղեց` իշխանութեան տիրելու ջանքերը դադրեցնելով իրենց զէնքերը յանձնելու:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի վեհաժողովի աւարտին ըսաւ, որ արաբներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները հրամայական կը դարձնեն զանոնք դիմակայելու համար «վճռական միջոցառումներու որդեգրումը, մասնաւորաբար Եմէնի զարգացումներուն լոյսին տակ»: Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց արաբներուն օժանդակելու` ընդդէմ ահաբեկչութեան եւ վերջինիս ֆինանսաւորման աղբիւրներուն ցամքեցման` աւելցնելով, որ հաւատադրժողական խմբաւորումները իսլամական կրօնին հետ որեւէ կապ չունին:

Արապի շեշտեց Միջին Արեւելքը հիւլէական զէնքերէ, ներառեալ` Իսրայէլի ունեցած հիւլէական զէնքերէն ձերբազատելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ պաղեստինեան դատը իւրաքանչիւր արաբի դատն է:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի իր կարգին յայտարարեց, որ արաբ ղեկավարները որոշած են մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար արաբական միացեալ ուժերու ստեղծման սկզբունքը որդեգրել` աւելցնելով, որ արաբական երկիրներու բանակներու սպայակոյտերուն պետերը հանդիպում պիտի ունենան` քննարկելու համար նշեալ միացեալ ուժին ստեղծման մանրամասնութիւնները:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա յայտնեց, որ Ծոցի եւ արաբական երկիրները կը սպասեն, որ Եմէնի մէջ օրինականութեան վերականգնման համար ստեղծուած դաշինքը նաեւ արաբական այլ շրջաններով զբաղի` նշելով. «Բոլոր բռնագրաւուած երկիրները դաշինքի օրակարգին վրայ են»:

«Բոլոր այն երկիրները, որոնք միջամտութիւններէ, բռնագրաւումէ, տիրապետութենէ եւ գերիշխանութեան ոտնահարումէ կը տառապին, մեզի համար օրակարգի վրայ են», շեշտեց ան:

Եգիպտոսի նախագահը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վեհաժողովին յղած է նամակ մը, որուն մէջ նշած է. «Անկարելի է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ` առանց շրջանային յարաբերութեան բնականոնացման ու Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիպիոյ տագնապներուն լուծման»` աւելցնելով, որ իր երկիրը պատրաստ է Արաբական լիկային հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու: Սակայն Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը քննադատեց Փութինի նամակը եւ ըսաւ, որ Ռուսիան «Սուրիոյ մէջ իր միջամտութեան միջոցով շրջանին մէջ խնդիրներու բարդացման կը նպաստէ»: «Ռուսերը սուրիացի ժողովուրդին ապրած տառապանքին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունին», յայտնեց Սէուտ Ֆայսալ իշխանը:

Նախորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իր Մօտ Կը Կանչէ Թուրքիոյ Դեսպանատան Գործավարը

Յաջորդը

Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Պատին Հակահայկական Նոր Գրութիւն Յայտնուած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.