Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Կը Յայտնէ, Որ Միջին Արեւելքին Տիրելու Իրանի Ջանքերը Չի Կրնար Հանդուրժել

Մարտ 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_ErdoganԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հինգշաբթի օր Իրանը ամբաստանեց Միջին Արեւելքին տիրել փորձելու յանցանքով եւ ըսաւ, որ անոր այդ ուղղութեամբ թափած ջանքերը սկսած են բարկացնել Անգարան, Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի արաբական երկիրները:

«Իրան կը փորձէ շրջանին տիրել: Կարելի՞ է այդ մէկը արտօնել: Ասիկա սկսած է բարկացնել մեզ, Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի երկիրները: Ասիկա իսկապէս անհանդուրժելի է եւ Իրան այդ մէկը պէտք է տեսնէ», ըսաւ ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

Էրտողան յայտնեց, որ Եմէնի տագնապը յարանուանական տագնապի վերածուած է եւ Իրանին կոչ ուղղեց հեռանալու: «Իրան պէտք է իր տեսակէտը փոխէ: Անիկա պէտք է հեռացնէ իր ուժերը, այն ինչ որ ունի Եմէնի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, եւ յարգէ անոնց հողային ամբողջականութիւնը»:

Ըստ նախատեսութեանց, Էրտողան ապրիլի սկիզբը Իրան պիտի այցելէ: Անոր բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ այդ ծրագիրը չէ փոխուած:

«Ֆրանս 24» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Էրտողան նշեց, որ Անգարա կրնայ Եմէնի մէջ սէուտական ղեկավարութեամբ զինուորական գործողութեան «գումակային աջակցութիւն» ցուցաբերելու հարցը քննարկել: Ան ըսաւ, որ Եմէնի մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողքին Հուսիները պէտք է հեռանան երկրէն: «Իրան եւ ահաբեկչական խմբաւորումները պէտք է քաշուին», ըսաւ ան:

«Իրանի նպատակը Իրաքի մէջ իր ազդեցութիւնը աճեցնելն է», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Իրան կը փորձէ ՏԱՀԵՇ-ը շրջանէն վտարել` պարզապէս անոր տեղը առնելու համար»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ հակադարձելով Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութեան անոր ըսաւ, թէ ան, որ իր երեւակայածին քաղաքականութիւններուն պատճառով ռազմավարական սխալներ կը գործէ եւ շրջանին վնաս կը պատճառէ, պէտք է այժմ պատասխանատու կեցուածք որդեգրէ եւ աշխատանք տանի շրջանային միասնականութեան եւ հանդարտեցման համար:

Միւս կողմէ, սէուտական օդուժը երէկ շարունակեց հարուածել Եմէնի մէջ տարբեր դիրքեր: Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Ահմետ Օսէյրի յայտարարեց, որ «Վճռակամութեան փոթորիկ» գործողութեան առաջին հանգրուանը օդուժի գերազանցութեան շնորհիւ իրագործած է իր նպատակները: Ան նշեց, որ գործողութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ իրագործեն իրենց նպատակները, որոնց գլխաւորներն են` հուսիներու Անսարուլլա շարժումի յառաջխաղացքի կասեցումը եւ նախագահ Ապետրապօ Մանսուր Հատիի ներկայացուցած օրինական իշխանութեան վերականգնումը:

Նշենք, որ Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ուրբաթ օրուան նամազի քարոզիչները դատապարտեցին զինուորական միջամտութիւնը եւ կոչ ուղղեցին անոր դէմ ժիհատ կատարելու:

 

Նախորդը

Օրը Օրին. Կ՛աշխատինք Աշակերտել

Յաջորդը

Ասատ. «Դրականօրէն Կ՛ընկալեմ Ամերիկայի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ Հիմնուած Երկխօսութիւն Մը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը,  Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի  Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Պիտի Չըլլայ Կացութիւն Մը, Ուր Պատերազմը Պիտի Դադրեցնենք, Եւ Կազայի Բնակչութեան Շուրջ 50 Առ Հարիւրը Անկէ Դուրս Պիտի Գայ»

Մայիս 14, 2025
Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին,  Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին, Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?