Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Երկիրներ Եմէնի Մէջ Զինուորական Գործողութեան Ձեռնարկեցին

Մարտ 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-26-15_YemenՍէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քուէյթ, Պահրէյն եւ Քաթար միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ որոշած են «Եմէնը պաշտպանելու» համար գործի լծուիլ: Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «Վճռակամութեան փոթորիկ» գործողութեան մասնակից երկիրները կ՛ընդառաջեն Եմէնի նախագահ Ապետրապօ Մանսուր Հատիի կոչին` «Եմէնը պաշտպանելու եմէնեան բանակէն եւ Անսարուլլահէն (հուսիներէն, «Ա.»)», որոնք ըստ հաղորդագրութեան, գործիք են ձեռքերուն մէջ արտաքին ուժերու, որոնք անդադար Եմէնի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը կը խանգարեն:

Գահիրէ իր կարգին հաստատեց, որ կը մասնակցի Եմէնի մէջ զինուորական միացեալ գործողութեան: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Եգիպտոս խոր մտահոգութեամբ հետեւեցաւ անցեալ շաբաթներուն ընթացքին Եմէնի մէջ կացութեան սուր անկումին»` Եգիպտոսի քաղաքական ու զինուորական աջակցութիւնը յայտարարելով Եմէնի մէջ կառավարութեան աջակցող եւ անոր պահանջին ընդառաջող դաշնակից ուժերուն քայլին: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ համակարգում կը կատարուի Եգիպտոսի օդային, ծովային եւ ի պահանջեալ հարկին ցամաքային ուժերու մասնակցութեան համար:

Յորդանան, Սուտան եւ Մարոք իրենց կարգին յայտարարեցին, որ կը մասնակցին գործողութեան, իսկ Փաքիստան յայտարարեց, որ կը սերտէ Եմէնի մէջ զինուորական միջամտութիւն մը կատարելու Սէուտական Արաբիոյ խնդրանքը:

Իրողական գետնի վրայ սէուտական օդուժին պատկանող կործանիչներ երէկ շարք մը յարձակումներ գործեցին Եմէնի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող թիրախներու դէմ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ զինուորական գործողութեան նպատակը Եմէնի օրինական կառավարութիւնը պաշտպանելն է: Սէուտական լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Եմէնի մէջ կարգ ու կանոնի վերահաստատման համար անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ ցամաքային գործողութիւն մը կատարել, սակայն Անսարուլլահ շարժումի ղեկավարներէն Մոհամետ Պախիթի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա ինքզինք կը դնէ Եմէնի դէմ նախայարձակում կատարողի կարգավիճակին մէջ եւ ատոր գինը պիտի վճարէ` աւելցնելով, որ Եմէնի ժողովուրդը իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու:

Պախիթի օդային յարձակումները նկատեց բաց ու համապարփակ պատերազմ մը` աւելցնելով, որ ատիկա կարգ մը վարչակարգերու, նախ եւ առաջ սէուտականին տապալման սկիզբն է: Միւս կողմէ, Անսարուլլահի Յեղափոխական յանձնախումբի անդամ Թուֆիք Համիրի Սէուտական կառավարութիւնը ամբաստանեց Քայիտան պաշտպանելու յանցանքով:

Անսարուլլահի քաղաքական գրասենեակի անդամ Ալի Իմատ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Եմէնի դէմ յարձակում գործողները սուղ գին պիտի վճարեն, եւ «յարձակումին յարձակումով պիտի հակադարձենք, տեղի ունեցածը ժողովրդային կամքին ուղղակի ոտնակոխում մը կը նկատենք, եւ Սէուտական Արաբիան անոր գինը պիտի վճարէ»:

Պատասխանելով սէուտական ցամաքային գործողութեան մը մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Սէուտական Արաբիան ու մնացեալ երկիրները գիտեն, որ այդ մէկը շատ վտանգաւոր պիտի ըլլայ: Տրամաբանականօրէն սէուտական ցամաքային միջամտութիւն մը չեմ նախատեսեր, սակայն եթէ Ռիատ այդ մասին մտածէ, ապա շատ սուղ գին պիտի վճարէ»:

Միջազգային Հակազդեցութիւններ

Իրանեան խորհրդարանի ազգային ապահովութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի զգուշացուց, որ Եմէնի մէջ պատերազմի բոցերը վտանգաւոր հետեւանքներ ունին մասնաւորաբար իսլամական աշխարհին մէջ տիրող նուրբ կացութեան լոյսին տակ` նշելով, որ այդ բոցերը պիտի հասնին Սէուտական Արաբիոյ աչքերուն: Ան նշեց, որ իր երկիրը բուռն կերպով կը դատապարտէ Եմէնի դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործողութիւնները, եւ կոչ ուղղեց զանոնք դադրեցնելով քաղաքական լուծումներու ընտրանքին վերադառնալու:

Պորուժերտի ըսաւ, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ տագնապներ ստեղծելէ ետք իսլամական աշխարհին մէջ նոր տագնապներ ստեղծել:

Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետի օգնական գնդապետ-զօրավար Մասուտ Ժազայիրի նշեց, որ Եմէնի դէմ յարձակումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու հրամանով, եւ «սատանայի ճակատի»` Եմէնի ժողովուրդին դէմ զինուորական նախաձեռնութիւնը դարձեալ ձախողութեան պիտի մատնուի:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աջակցութիւն յայտնեց զինուորական գործողութեան եւ Անսարուլլահի ու անոր «արտաքին աջակիցներուն» կոչ ուղղեց` «շրջանին մէջ խաղաղութեան ու ապահովութեան սպառնացող» իրենց քայլերը դադրեցնելու:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտարարեց, որ Եմէնի մէջ կատարուող զինուորական գործողութիւնը կը վայելէ Արաբական լիկայի ծածկոյթը: Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը իր կարգին յայտնեց, որ «Վճռակամութեան փոթորիկ» գործողութիւնը կատարուած է ընդառաջելով Եմէնի նախագահի պահանջին:

Իրաք մտահոգութիւն յայտնեց Եմէնի մէջ զինուորական միջամտութեան նկատմամբ եւ բռնի ուժի կիրարկումէն հրաժարելու կարեւորութիւնը շեշտեց: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Եմէնի մէջ արձանագրուած վտանգաւոր զարգացումներուն նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց Եմէնի գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը յարգելու:

Ռուսիա ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Եմէնի գերիշխանութեան, միութեան եւ հողերու անձեռնմխելիութեան: Մոսկուա մտահոգութիւն յայտնեց զարգացումներուն նկատեամբ եւ կոչ ուղղեց կռիւը անմիջապէս դադրեցնելով երկխօսութեան վերադառնալու: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց. «Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն Եմէնի մէջ նախաձեռնած գործողութիւնը տագնապի լուծման պիտի չառաջնորդէ»:

Բրիտանիա եւ Ֆրանսա զօրակցութիւն յայտնեցին «Վճռակամութեան փոթորիկ» գործողութեան, իսկ Եւրոպական Միութիւնը «շրջանային վտանգաւոր հետեւանքներէ» զգուշացուց:

 

 

Նախորդը

Հոծ Բազմութեան Մը Ներկայութեան. Ռոպըրթ Ֆիսք Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Մասին

Յաջորդը

Երկար Ընդմիջումէ Ետք` ՔԱԿ-Թրքական Բանակ Բախում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?