Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անատոլու» Լրատու Գործակալութիւնը Քննադատելու Համար 58 Անձերու Նկատմամբ Դատական Հետաքննութիւն

Մարտ 31, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սայ, Տիւնտար եւ Օրան
Սայ, Տիւնտար եւ Օրան

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը քննադատելնուն համար 58 հանրածանօթ անձնաւորութիւններու դէմ ընթացք առած է դատական հետաքննութիւն մը:

Անոնց շարքին են ականաւոր լրագրողներ, ներառեալ` «Ճումհուրիյէթ»-ի խմբագրապետ Ճան Տիւնտար, «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի յօդուածագիր Մելիս Ալֆան եւ «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր Էմրէ Ուսլու: Դատական հայցը ներկայացուած է «Անատոլու»-ի նախկին ընդհանուր տնօրէն Քեմալ Էօզթուրքի եւ ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Էպուպեքիր Շահինի կողմէ: Կասկածեալները ամբաստանուած են «մարդիկ ատելութեան եւ թշնամանքի գրգռելու, ինչպէս նաեւ անուանարկումի, զրպարտութեան եւ վախցնելու» համար:

Կասկածեալներու շարքին են Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխաններ Ումութ Օրան եւ Միւսլիմ Սարը, արուեստագէտ Էրտալ Պեշիքչիօղլու, աշխարհահռչակ դաշնակահար Ֆազըլ Սայ եւ երգիչ Աթիլլա Թաշ:

Բողոքարկուները պահանջած են այդ գրութիւնները ջնջել կամ անոնց էջերը առկախել:

Տիւնտար 30 մարտ 2014-ին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ընթացքին գրած էր. «Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան նախկին ընդհանուր տնօրէնը (փոխվարչապետ) Պիւլենթ Արընչի նախկին մամլոյ քարտուղարն է»:

Երեսփոխան Ումութ Օրան իր կարգին գրած էր «Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հաւատարիմ անդամներ, հաճեցէ՛ք անտեսել «Անատոլու» լրատու գործակալութեան տեղեկագրութիւնները»:

Դաշնակահար Սայ 2013-ին 10 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած էր «Թուիթըր»-ի վրայ 11-րդ դարու բանաստեղծ Օմար Խայեամի վերագրուած քանի մը տողեր զետեղելուն համար:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական Կուսակցութիւնը Օպաման Աւելի Վտանգաւոր Կը Նկատէ, Քան Փութինը

Յաջորդը

«Վճռակամութեան Փոթորիկ»-ը Եմէնցի Ժողովուրդն Ու Օրինական Կառավարութիւնը Պաշտպանելու Համար Է» Կ՛ըսէ Դեսպան Ժուպէյր

RelatedPosts

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ  Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր  Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն  Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան  Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?