Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ վաղը սփռուելիք հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ինք դրականօրէն կ՛ընկալէ Միացեալ Նահանգներու հետ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութիւն մը` նշելով. «Այդպիսի երկխօսութիւն մը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի վրայ»:
Ան ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ կրնանք ըսել, որ ամէն երկխօսութիւն սկզբունքով դրական է»: