Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Ծածկել Բանակին Մէջ Իր Կորուստները

June 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-18-15_AzerbaijaniԱզրպէյճան կը շարունակէ իր հասարակութենէն պահել բանակին մէջ ունեցած կորուստները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին ազրպէյճանական բանակին մէջ անձնասպանութեան երկու դէպք եւ մէկ զոհ արձանագրուած է, ինչի մասին այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խուսափած է յայտնել:

«Ազատլիկ» կայքը 16 յունիսի երեկոյեան յայտնած է, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան Թովուզի եւ Գեդաբեկի մէջ տեղակայուած զօրամասերուն մէջ զինուորներու անձնասպանութեան երկու դէպք տեղի ունեցած է:

Կայքին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, Թովուզի Գարալար գիւղին մջ տեղակայուած ստորաբաժանումին մէջ անձնասպանութիւն գործած է 19-ամեայ Էլնուր Էլչինօղլու Թափդըգովը: Զինուորին անձնասպանութիւն գործելու հանգամանքներուն մասին ոչինչ կը հաղորդուի: Իբրեւ անձնասպանութեան պատճառ կը նշուի, որ զինուորին նեղացուցած են անոր հրամանատարները: Կը նշուի, որ Աղդաշէն զօրակոչուած Թափդըգով արձակուրդէն նոր վերադարձած էր զօրամաս:

Գեդաբեկէն կայքին ստացած տեղեկութեան համաձայն, այլ զինուոր մը եւս անձնասպանութիւն գործած է կախուելու միջոցով: Իբրեւ անձնասպանութեան պատճառ կը նշուի, որ զինուորը ենթարկուած է ֆիզիքական ծանր բռնութեան: Կայքը չէ յաջողած բացայայտել անձնասպանութիւն գործած զինուորին ինքնութիւնը:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները վերջերս յայտնած են առաջին գիծերու վրայ գտնուող 18 տարեկան զինուոր Էլվին Էթիպարօղլու Դերեվիշեւի սպաննուելուն մասին: Վերջինս զինուորական ծառայութեան կանչուած էր Բելքանի շրջանէն: Անոր դիակը զինուորական պատիւներով հողին յանձնուած է հայրենի Քաթեխ գիւղին մէջ: Բոլոր երեք կորուստներուն մասին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չէ յայտնած:

Թէեւ Ազրպէյճան կը շարունակէ սեփական բանակին մէջ արձանագրուած մահուան դէպքերուն եւ արտակարգ դէպքերուն մասին տեղեկութիւնները թաքցնելու քաղաքականութիւնը, այսուհանդերձ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին կողմէ սեփական միջոցներով ձեռք բերուած տեղեկութիւններուն համաձայն, այս տարուան սկիզբէն մինչեւ հիմա ազրպէյճանական բանակի կորուստը կազմած է առնուազն 75 զինուոր եւ 31-է աւելի վիրաւոր:

Միջնադարեան Մահապատիժ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «ԱՆՍՓրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Ճալիլապատի շրջանին մէջ գազանաբար սպաննած են աղջիկ մը` միջնադարեան մահապատիժի ենթարկելով զինք:

Ալար գիւղին մէջ անյայտ անձեր երիտասարդ աղջիկը կապած են ձիու պոչին, որմէ ետք ձին երկար ժամանակ քարշ տուած է զինք:

Տեղեկութիւնը հաստատած են Ճալիլապատի շրջանի դատախազութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ռուսիա Եւ Թուրքիա Մինչեւ Յունիսի Վերջը Կրնան «Թրքական Հոսք»-ին Հարցով Համաձայնութիւն Գոյացնել

Յաջորդը

Չարլսթոնի Մէջ Եկեղեցիի Մը Դէմ Յարձակում Մը 9 Զոհ Պատճառեց

RelatedPosts

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման  Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի  Եւ Շարք Մը Միջազգային  Ղեկավարներու Ներկայութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի Եւ Շարք Մը Միջազգային Ղեկավարներու Ներկայութեան

January 23, 2026
Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան  Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ  Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան  Երաշխիքները
Գլխաւոր լուրեր

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

January 23, 2026
Անդրադառնալով Իրանի Վրայ  Յարձակումի Կարելիութեան`  Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են,  Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»
Միջազգային

Անդրադառնալով Իրանի Վրայ Յարձակումի Կարելիութեան` Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են, Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.