Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուիքիլիքս» Կը Հրապարակէ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Աւելի Քան 60 Հազար Փաստաթուղթեր

Յունիս 22, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-21-15_Wikileaks«Ուիքիլիքս» իր հիմնադիր Ժուլիան Ասանժի` Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատուն ապաստանելուն եռամեակին առիթով Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աւելի քան 60 հազար փաստաթուղթեր հրապարակեց եւ յայտարարեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին 500 հազար փաստաթուղթ եւս պիտի հրապարակէ` նշելով, որ ձեռք ձգած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ պետութիւններու միջեւ ե-նամակներ, ինչպէս նաեւ սէուտական այլ նախարարութեանց կողմէ պատրաստուած գաղտնի զեկուցումներ:

Ըստ այդ փաստաթուղթերէն մէկուն, Ուսամա պըն Լատենի որդիներէն Ապտալլա պըն Լատեն Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է 2011-ին Փաքիստանի մէջ սպաննուած իր հօր մահուան փաստաթուղթը: Ռիատի մէջ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր հիւպատոս Կլեն Քիզըր 9 սեպտեմբեր 2011-ին, այսինքն` Պըն Լատենի սպանութենէն շուրջ չորս ամիս ետք, պատասխան նամակ մը գրելով յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն իրաւաբաններ զինք տեղեակ պահած են, որ այդպիսի փաստաթուղթ մը չէ հրապարակուած: Փոխան մահուան փաստաթուղթին ան Ապտալլա Պըն Լատենի յանձնած է ամերիկեան արդարադատութենէն փաստաթուղթ մը, որուն մէջ պաշտօնատարներ կը հաստատեն, որ անոր հայրը մահացած է, ինչ որ կը նշանակէ, որ վերջինիս հետապնդումը վերջ գտած է: Կլեն իր պատասխան նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Յուսամ, որ ամերիկեան կառավարութեան այս փաստաթուղթը ձեզի եւ ձեր ընտանիքին օգտակար կ՛ըլլայ»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր երկրին քաղաքացիներէն պահանջեց չտարածել «որեւէ փաստաթուղթ, որ կրնայ կեղծուած ըլլալ եւ կրնայ օգնել հայրենիքի թշնամիներու նպատակներու իրագործման»: Նախարարութիւնը նաեւ քաղաքացիներէն պահանջեց այդ փաստաթուղթերը ձեռք ձգելու համար չայցելել կայքեր:

Լիբանանի Վերաբերեալ Փաստաթուղթեր

«Ուիքիլիքս»-ի իբրեւ առաջին հանգրուան հրապարակած փաստաթուղթերուն մէջ մեծաթիւ էին Լիբանանի վերաբերող փաստաթուղթերը, որոնցմէ մէկը կը ներկայացնէ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի դժգոհութիւնը եւ գանգատը սէուտական ականաւոր օրաթերթերու մէջ յօդուածագիրներու կողմէ իր դէմ գրուած գրութիւններէն, որոնցմէ գլխաւորներն են «Հայաթ» օրաթերթին մէջ Տաուտ Շարիանի եւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին մէջ Ապտել Ռահման Ռաշետի կողմէ գրուած յօդուածները:

Լիբանանի մէջ սէուտական դեսպանատունը` մեկնաբանելով Հարիրիի գանգատը, ըսած է, որ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ թագաւորութեան նպատակներուն չծառայող այսպիսի յօդուածներ դադրին լոյս տեսնելէ, իսկ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Հարիրիի գանգատներէն մէկը փոխանցած է արքունիքին:

Հարիրիի անունը նշուած է նաեւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանի կողմէ յղուած նամակի մը մէջ, որուն մէջ իշխանը կը նշէ, որ Դամասկոսի եւ անոր գիւղական շրջաններուն մէջ գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուներէն Ռըսթոմ Ղազալէ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին Սուրիա այցելութեան ընթացքին յայտնած է, որ իրմէ պահանջուած է Սաատ Հարիրիին փոխանցել, որ այն, ինչ որ հօր կը պատկանէր, այժմ կը պատկանի որդիին, եւ Սուրիա այլ պատուիրակներ ուղարկած է Հարիրիի մօտ անոր փոխանցելով շարք մը պատգամներ, որոնք զինք կը քաջալերեն Սուրիոյ մերձենալու:

«Ուիքիլիքս»-ի հրապարակած փաստաթուղթերուն մէջ կը խօսուի նաեւ կարգ մը լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութեանց մասին, որոնք Սէուտական Արաբիայէն դրամ կը խնդրեն: Դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի` 2012-ին իր երկրին յղած մէկ նամակը կը յայտնէ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ պատուիրակ մը դեսպանին փոխանցած է կուսակցութեան նիւթական նեղ պայմաններուն մասին, մասնաւորաբար սուրիական վարչակարգին համակիր կարգ մը քրիստոնեայ ղեկավարներու հետ դիմակայման պայմաններուն մէջ: Ասիրի իր ղեկավարներուն յանձնարարած է նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել Ժահժահի` նշելով, որ ան Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի եւ անոր ետին կանգնողներուն դէմ պայքարին մէջ իսկական ուժի մը ղեկավարն է: Ըստ փաստաթուղթին, Ժահժահ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ կատարելու այն, ինչ որ Սէուտական Արաբիա իրմէ կը պահանջէ:

Ըստ այլ փաստաթուղթի մը, նախարար Պութրոս Հարպ եւս Սէուտական Արաբիոյ աջակցութիւնը խնդրած է 2013-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութենէն ետք կազմելու համար քաղաքական անկախ խմբաւորում մը: Սէուտցիներէն նիւթական օժանդակութիւն խնդրած են նաեւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար Տորի Շամուն, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, լրագրող Մէյ Շիտիաք եւ մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի:

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութեանց Մէջ. Հանրապետական Ժողովուրդի Եւ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութիւններուն Միջեւ Կամուրջներու Հրկիզում

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սուրիա Եւ Սէուտական Արաբիա Համաձայնած Են Դեսպանատուները Վերաբանալ
Միջազգային

Սուրիա Եւ Սէուտական Արաբիա Համաձայնած Են Դեսպանատուները Վերաբանալ

Մարտ 24, 2023
Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց  Նախարարներուն Միջեւ Մօտալուտ  Հանդիպման Շուրջ Համաձայնութիւն
Միջազգային

Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Մօտալուտ Հանդիպման Շուրջ Համաձայնութիւն

Մարտ 24, 2023
Շոյկու Եւ Աքար Քննարկած Են Արցախի  Տագնապի Լուծման Առնչուող Հարցեր
Միջազգային

Շոյկու Եւ Աքար Քննարկած Են Արցախի Տագնապի Լուծման Առնչուող Հարցեր

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In