Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քըլըճտարօղլու Համախոհական Կառավարութեան Վարչապետի Պաշտօնը Կ՛առաջարկէ Պահչելիին

June 20, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քեմալ Քըլըճտարօղլու
Քեմալ Քըլըճտարօղլու

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու  նախքան երկրին մէջ համախոհական կառավարութեան կազմելու շուրջ պաշտօնական բանակցութիւններու սկիզբը առաջարկած է կազմել ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններէն բաղկացած համախոհական կառավարութիւն մը, որուն մէջ վարչապետի պաշտօնը պիտի վարէ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի:

Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը պատրաստուին համախոհական կառավարութեան մէջ ներառելու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, երբ ազգայնականները ծայրայեղական դիրքորոշում ունին թուրք-քրտական հաշտեցման հոլովոյթին վերաբերեալ, Քըլըճտարօղլու ըսած է. «Թուրքիա աշխարհին չափ խնդիրներ ունի, որոնք կարգաւորման կարիք ունին: Քաղաքականութեան արուեստը այդ խնդիրներուն լուծումը գտնելն է»:

Էրտողան-Կիւլ Հանդիպում

«Հիւրրիյէթ» նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախկին եւ ներկայ նախագահներ Ապտիւլլա Կիւլ եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցած են: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի աշխատասենեակին մէջ:

Անոնք խորհրդարանին մէջ մասնակցած են Թուրքիոյ 9-րդ նախագահ Սիւլէյման Տեմիրելի հոգեհանգիստի արարողութեան, որմէ ետք Էրտողան եւ Չիչեք գացած են վերջինիս աշխատասենեակը: Կարճ ժամանակ ետք անոնց միացած է Կիւլ: Հանդիպումէն ետք Էրտողան հեռացած է խորհրդարանէն:

Հանդիպումին բովանդակութեան մասին ոչինչ կը հաղորդուի, սակայն կը նշուի, որ ատիկա Կիւլի եւ Էրտողանի առաջին հանդիպումն է հրատարակութենէն ետք Կիւլի գլխաւոր խորհրդական Ահմետ Սեւերի գիրքին, որուն մէջ կը պատմուի երկու գործիչներուն ունեցած տարակարծութեանց մասին:

Նախորդը

Յունաստանը Պարտազանցումէն Փրկելու Խնդիրը Պիտի Քննարկուի Եւրոյի Գօտիի Վեհաժողովին Ընթացքին

Յաջորդը

Չարլսթոնի Եկեղեցիին Դէմ Յարձակումին Հարցով Կասկածեալը Ձերբակալուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.