«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հաւանութիւն տուած է 612 միլիառ տոլարի հասնող զինուորական պիւտճէի նախագիծին, որ զինուորական օգնութիւն կը նախատեսէ Ուքրանիոյ:
Փաստաթուղթին թեր քուէարկած է 71 ծերակուտական, իսկ դէմ` 25 ծերակուտական: Պիւտճէի սրբագրումը, որ որդեգրուած է հանրապետական ծերակուտական Ռոպ Փորթմընի նախաձեռնութեամբ, կ՛արտօնէ սպառազինութիւններու մատակարարումը Քիեւին, ներառեալ` հրաձգային զէնքն ու նռնականետերը: Փաստաթուղթի բնագիրին համաձայն, Փենթակոնը արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համակարգելով իրաւունք ունի մինչեւ 300 միլիոն տոլար ծախսել ուքրանական բանակին սարքաւորումներ մատակարարելու եւ գումակային աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմէն սպառնացած էին վեթոյի ենթարկել օրինագիծը: Սպիտակ տունը դէմ է Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելուն: