Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ Նախագահի Ընտրութեան Շուրջ Վէճ

Յունիս 20, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-19-15_Kurdistan«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ քրտական կուսակցութեանց ու խմբաւորումներուն միջեւ վէճ յառաջացած է, երբ մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի որոշած է նախագահի ընտրութիւնը կատարել ժողովրդային քուէարկութեամբ, ինչ որ Ժալալ Թալպանիի ղեկավարած Քրտական ազգային միութեան, Փոփոխութիւն շարժումի եւ շարք մը իսլամական կուսակցութեանց մօտ վերապահութիւն յառաջացուցած է:

Վերջիններս կ՛ուզեն, որ նախագահը ընտրուի խորհրդարանին կողմէ եւ ոչ թէ ժողովուրդին: Քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանի եւ Փոփոխութիւն շարժումի անդամ տոքթ. Ժուան Իսմայիլ կը յայտնէ, որ իրենք նախապէս ընտրութեան արդիւնքներուն կեղծումի եւ ընտրական օրէնքներու խախտումներուն փորձառութիւնը ապրած են, ուստի ընտրութիւնը խորհրդարանին մէջ կատարելը աւելի լաւ է:

Պարզանիի կուսակցութիւնը հակադարձած է սպառնալով լուծարել խորհրդարանը` օգտագործելով մարզի նախագահին ամէնէն կարեւոր լիազօրութիւններէն մէկը` կանխահաս ընտրութիւններու հրաւիրումը:

Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութենէն երեսփոխան Ֆերսաթ Սուֆի իր կարգին մերժեց, որ որեւէ կողմ իր օրակարգը պարտադրէ` աւելցնելով. «Լիազօրութեանց, ընտրութեան ձեւին եւ փոխնախագահներու հարցը քաղաքական համաձայնութեան կը կարօտի»:

Խորհրդարանի իրաւաբանական հարցերով յանձնախումբի անդամ Մունա Քահուաժի եւս նշեց. «Անհրաժեշտ է Իրաքի քրտական մարզի  նախագահի ընտրութեան օրէնքը բարեփոխել, որովհետեւ, ըստ օրէնքի, Մասուտ Պարզանի իրաւունք ունի երկու անգամ ընտրուելու եւ թեկնածու ներկայանալու»:

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանը յառաջիկայ շաբաթ պիտի գումարէ նիստ մը, որ յատկացուած է մարզի նախագահութեան օրէնքին քննարկման: Կը նախատեսուի, որ նիստին ընթացքին վիճաբանութիւն տեղի ունենայ խորհրդարանական համախմբումներուն եւ քաղաքական կուսակցութեանց միջեւ, որոնք համաձայնութիւն գոյացնելով քրտական մարզի նախագահական աթոռի թափուր մնալը կանխարգիլելու համար միայն երկու ամսուան ժամանակ մը ունին` նկատի ունենալով, որ Պարզանիի նստաշրջանի օրինական ժամանակաշրջանը կ՛աւարտի:

Պարզուած կացութեան լոյսին տակ, ընտրութեան կազմակերպիչները յայտարարած են, որ գումակային պատճառներով անկարող են ճշդուած ժամանակին ընտրութիւններ կատարել` այդպիսով գնդակը նետելով քաղաքական համաձայնութեանց դաշտը, որ ըստ փորձագէտներու, զիջումներու թատերաբեմ պիտի դառնայ:

Յիշեցնենք, որ Պարզանի յայտարարած է, որ նախագահ վերընտրուելու պարագային յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին պիտի յայտարարէ Քիւրտիստանի անկախութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Զինուորական Օգնութիւն Յատկացնելուն

Յաջորդը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Ազրպէյճանի Դէմ Վճիռ Արձակած Է

RelatedPosts

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ  Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր  Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն  Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան  Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?