Միջազգային

Մինչ Քրտական Ուժերը Խուզարկում  Կատարելու Համար 20 Գիւղեր Իրենց  Բնակիչներէն Կը Պարպեն.  Թուրքիա Թել Ապիատի Դիմաց  Հողաթումբեր Կը Կանգնեցնէ

Մինչ Քրտական Ուժերը Խուզարկում Կատարելու Համար 20 Գիւղեր Իրենց Բնակիչներէն Կը Պարպեն. Թուրքիա Թել Ապիատի Դիմաց Հողաթումբեր Կը Կանգնեցնէ

Սուրիացի գործիչներ հաղորդեցին, որ թրքական բանակը Թել Ապիատի Թուրքիա-Սուրիա սահմանային անցքին վրայ հողաթումբեր կը կանգնեցնէ, իսկ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը խուզարկութիւն կատարելու նպատակով` 20 գիւղերու բնակիչներու կոչ ուղղած են հեռանալու իրենց գիւղերէն: Գործիչները ցուցադրեցին տեսերիզ մը, որուն մէջ թրքական բանակը հողաթումբեր կը կանգնեցնէ սահմանային դարպասին մօտ: Գործիչները յայտնեցին, որ Թել Ապիատի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Տողանիթ Ամշան, Տողանիթ Սատեք, Մանարա,...

Նախագահ Վերընտրուելու Պարագային.  Պարզանի Յառաջիկայ Երկու Տարուան Ընթացքին  Պիտի Հռչակէ Քիւրտիստանի Անկախութիւնը

Նախագահ Վերընտրուելու Պարագային. Պարզանի Յառաջիկայ Երկու Տարուան Ընթացքին Պիտի Հռչակէ Քիւրտիստանի Անկախութիւնը

Մասուտ Պարզանի «Արմէնփրես»` վկայակոչելով քրտական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտարարած է, որ նախագահ վերընտրուելու պարագային, յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին Քիւրտիստանը պիտի հռչակէ անկախ պետութիւն: Պարզանի 20 օգոստոսին նախատեսուած քրտական ինքնավար մարզի նախագահութեան ընտրութեան թեկնածու ներկայացուած է: Ան 2005-ին ժողովուրդին, իսկ 2009-ին խորհրդարանի երեսփոխաններուն կողմէ ընտրուած էր նախագահ: Հակառակ անոր որ 2013-ին անոր պաշտօնավարման...

Թուրքիոյ Նախկին Նախագահ  Սուլէյման Տեմիրել Մահացաւ

Թուրքիոյ Նախկին Նախագահ Սուլէյման Տեմիրել Մահացաւ

Սուլէյման Տեմիրել «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախկին նախագահ, 90-ամեայ Սուլէյման Տեմիրել մահացած է: 1960-1990 թուականներուն ան եօթը անգամ վարած է Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնը եւ այդ ընթացքին երկու անգամ զինուորական յեղաշրջումի պատճառով հեռացուած է իշխանութենէն: 1993-2000 թուականներուն ան վարած է Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնը: Ան մահացած է Անգարայի մէկ հիւանդանոցին մէջ:

ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Հարցերով Գերագոյն  Յանձնակատարը Պաքուին Կոչ Ուղղած Է  Ազատ Արձակելու Քաղաքական Բանտարկեալները

ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարը Պաքուին Կոչ Ուղղած Է Ազատ Արձակելու Քաղաքական Բանտարկեալները

Զիատ Ռաատ Հիւսէյն «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ազրպէյճանական Kontakt.az կայքին, կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերով գերագոյն յանձնակատար Զիատ Ռաատ Հիւսէյնը Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է ազատ արձակելու երկրին մէջ գտնուող մեծաթիւ քաղաքական բանտարկեալները: Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդի հերթական նիստին ընթացքին Զիատ Ռաատ Հիւսէյն իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն, ինչպէս նաեւ բանտին մէջ...

Օթան Եւ Ռուսիա Զիրար Կը Մեղադրեն

Օթան Եւ Ռուսիա Զիրար Կը Մեղադրեն

Ենս Սթոլթենպերկ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ եւ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի միացեալ զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատար, ամերիկացի զօր. Ֆիլիփ Պրիտլաւ «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի ելեկտրոնային տարբերակին վրայ 16 յունիսին հրապարակուած իրենց միացեալ յօդուածին մէջ գրած են, որ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է ՕԹԱՆ-ի եւ Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք հաստատուած համաշխարհային համակարգին համար: Հեղինակներուն կարծիքով` դաշինքին կողմէ սկսած «Դաշնակցային վահան» ռազմափորձերը «կը...

Սուրիական Բանակը Հալէպի Մէջ Ետ Մղած Է Ընդդիմադիր Զինեալներու Մեծ Յարձակում Մը

Սուրիական Բանակը Հալէպի Մէջ Ետ Մղած Է Ընդդիմադիր Զինեալներու Մեծ Յարձակում Մը

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ ընդդիմադիր զինեալներ ռմբակոծեցին Արեւմտեան Հալէպի մէջ թաղամասեր, ուր արձանագրուեցան 31 զոհեր, որոնցմէ 12-ը` երեխաներ: Ռմբակոծումին զուգահեռ սուրիական բանակին եւ զինեալներուն միջեւ Ռաշիտին, Լայրամուն, Էշրեֆիէ, Մայսալուն եւ Պուսթան Քասր ճակատներուն վրայ բուռն բախումներ արձանագրուեցան: Ընդդիմադիր զինեալները Ռաշիտին եւ Ժամհիեթ Զահրա ճակատներուն վրայ յարձակում շղթայազերծած են, սակայն սուրիական բանակը յաջողած է զանոնք ետ մղել, ապա բախումները ներառած են...

Թուրքիա Կը Դատապարտէ.  Մուրսի, Քարատաուի, Պատիհ Եւ Ուրիշներ Մահուան Դատապարտուեցան

Թուրքիա Կը Դատապարտէ. Մուրսի, Քարատաուի, Պատիհ Եւ Ուրիշներ Մահուան Դատապարտուեցան

Մոհամետ Մուրսի Գահիրէի քրէական հարցերու դատարանը «Մեծ փախուստ» անունով ծանօթ բանտերու ներխուժման հարցով իր վճիռը արձակելով մահուան դատապարտեց Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսին, Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր պետ Մոհամետ Պատիհը, Սաատ Քաթթանին եւ շէյխ Եուսեֆ Քարատաուին: Դատարանը որոշեց վերջինս բարձրացնել կախաղան: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու դատապարտեց վճիռը եւ յայտարարեց. «Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի դէմ վճիռը քաղաքական է եւ...

Ասատ. «Աշխարհը Պէտք Է Ահաբեկչութեան Վտանգին Գիտակցի»

Ասատ. «Աշխարհը Պէտք Է Ահաբեկչութեան Վտանգին Գիտակցի»

Տը Միսթուրա եւ Ասատ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ Դամասկոսի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Աշխարհը պէտք է գիտակցի իր ապահովութեան ու կայունութեան դէմ ահաբեկչութեան ներկայացուցած վտանգին»` աւելցնելով. «Աշխարհը պէտք է ահաբեկիչներուն շարժումը ֆինանսաւորող ու զինող իւրաքանչիւր անձի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները անտեսողներուն դէմ յստակ եւ յանդուգն...

Քիւրտերը Գրաւած Են Թել Ապիատը

Քիւրտերը Գրաւած Են Թել Ապիատը

«Պի.Պի.Սի.»-ին կը հաղորդէ, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտարարած են, որ ազատագրած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած սուրիական Թել Ապիատ քաղաքը: Ջոկատներուն հրամանատարը «Պի.Պի.Սի.»-ին պատմած է, որ ՏԱՀԵՇ զգալի կորուստներ կրած է, եւ անոր զինեալները նահանջած են, սակայն նախապէս ականապատած են բազմաթիւ փողոցներ եւ շէնքեր: Այդ պատճառով ալ քաղաքայիններուն խորհուրդ տրուած է դուրս չգալ տուներէն, մինչեւ որ սակրաւորները աւարտեն իրենց աշխատանքը:...

Ռումանիոյ Նախագահը Կը Քննադատէ Վարչապետի Պաքուի Եւրոպական Խաղերուն Ներկայութիւնը

Ռումանիոյ Նախագահը Կը Քննադատէ Վարչապետի Պաքուի Եւրոպական Խաղերուն Ներկայութիւնը

Հասան Արաթ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհանիս ըսած է, որ ինք տեղեակ չէ եղած, որ երկրին վարչապետ Վիքթոր Փոնթա ներկայ պիտի գտնուի Պաքուի մէջ Եւրոպական խաղերուն, որոնք պոյքոթի կ՛ենթարկուին Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու մեծ մասին կողմէ` Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներուն հետ կապուած իրավիճակին պատճառով: Ռումանիոյ վարչապետը Պաքու եղած է 12 յունիսին` խաղերու բացման հանդիսութեան մասնակցելու համար:...

«Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Թերեւս Երկարաձգուին Մինչեւ Տարեվերջ»  Կ՛ըսէ Զաորալեք

«Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Թերեւս Երկարաձգուին Մինչեւ Տարեվերջ» Կ՛ըսէ Զաորալեք

Լուպոմիր Զաորալեք «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուպոմիր Զաորալեք չեխական պատկերասփիւռի կայանէ մը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի երկարաձգուին մինչեւ տարուան վերջը: «Այժմ շարունակուող հոլովոյթներուն լոյսին տակ, իմ կարծիքովս, աւելի հաւանական է այն տարբերակը, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները երկարաձգուին մինչեւ 2015-ի վերջը», ըսած է Զաորալեք: Ըստ...

Զիմպապուէ Սկսած Է Շրջանառութենէ Դուրս Բերել Իր Ազգային Դրամանիշը

Զիմպապուէ Սկսած Է Շրջանառութենէ Դուրս Բերել Իր Ազգային Դրամանիշը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Զիմպապուէի կեդրոնական դրամատունը 15 յունիսէն սկսած է գործնական գետնի վրայ մինչեւ զերօ արժեզրկուած ազգային դրամանիշը վերջնականապէս շրջանառութենէն դուրս բերելու եւ զայն ամերիկեան տոլարով փոխանակելու հոլովոյթը: Զերոյէն մինչեւ 175 քուարտրիլիոն զիմպապուէական տոլարներով հաշիւները պիտի փոխանակուին 5 տոլարով: Այս մեծութիւնը գերազանցող գումարները պիտի փոխանակուին 1 տոլարի դիմաց 35 քուարտրիլիոն զիմպապուէական տոլար փոխարժէքով: Կանխիկ զիմպապուէական թղթադրամները, որոնք պահանջարկ կը...

Ըստ Իսրայէլեան Կայքի Մը,  Իսրայէլ Սուրիոյ Տիւրզիներուն Օժանդակելու Համար  Մտադիր Է Կոլանի Մէջ Ստեղծել Ապահովական Գօտի Մը

Ըստ Իսրայէլեան Կայքի Մը, Իսրայէլ Սուրիոյ Տիւրզիներուն Օժանդակելու Համար Մտադիր Է Կոլանի Մէջ Ստեղծել Ապահովական Գօտի Մը

Իսրայէլեան «Ուալահ» կայքը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ աշխատանք կը տանի սուրիական հողերուն վրայ ստեղծելու յատուկ շրջան մը, ուր տիւրզիները կրնան ապաստանիլ` մարդասիրական օժանդակութիւն ստանալու համար: Ապահովական մարզի իսրայէլացի պաշտօնատար մը, որ ծանօթ է աշխարհի տարբեր երկիրներու, ՄԱԿ-ի մէջ կողմերու եւ Միջազգային կարմիր խաչին հետ այս հարցով Իսրայէլի հաղորդակցութեանց մանրամասնութիւններուն, յայտնած է, որ արեւմտեան պետութիւնները վերջին շրջանին Յորդանանի մէջ կարգ մը...

«Կառավարութեան Կազմութեան Պարտականութիւնը  Պէտք Է Ստանձնեն Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները»  Կ՛Ըսէ Քըլըճտարօղլու

«Կառավարութեան Կազմութեան Պարտականութիւնը Պէտք Է Ստանձնեն Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները» Կ՛Ըսէ Քըլըճտարօղլու

Քեմալ Քըլըճտարօղլու Թուրքիոյ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը պէտք է ստանձնեն ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնք խորհրդարանական ընտրութիւններուն միասնաբար ապահոված են քուէներու մեծամասնութիւնը: Ան Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ անընդունելի է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քաղաքական գլխաւոր կողմ մը ըլլայ համախոհական կառավարութեան կազմութեան ընթացքին, եւ Էրտողանին...

Թուրքիոյ Մէջ Ալեւիներու  Տուներու Վրայ Նշաններ Դրուած Են

Թուրքիոյ Մէջ Ալեւիներու Տուներու Վրայ Նշաններ Դրուած Են

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Քոճայելի շրջանին մէջ ալեւիներու պատկանող տուներու վրայ յատուկ նշաններ դրուած են: Կատարուածը մտահոգութիւն յառաջացուցած է տեղացիներուն մօտ: Ալեւի ընտանիքներով բնակուած փողոցի 16 տուներու վրայ տեղադրուած կարմիր խաչերը յայտնաբերելէ ետք, բնակիչները կատարուածին մասին անմիջապէս յայտնած են ոստիկանութեան` նշելով, որ ատիկա կրնայ սադրանք ըլլալ: Ոստիկանները հետաքննութեան սկսած են` բացայայտելու համար, թէ որո՛նք են այդ արարքին...

Տը Միսթուրա-Մոալլեմ Հանդիպում`  Դամասկոսի Մէջ

Տը Միսթուրա-Մոալլեմ Հանդիպում` Դամասկոսի Մէջ

Տը Միսթուրա եւ Մոալլեմ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա երէկ այցելեց Դամասկոս` քննարկելու համար Ժընեւի խորհրդակցութեանց շուրջ առնչակից կողմերուն հետ կատարած իր հանդիպումները: Տը Միսթուրա հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ: Հանդիպումէն ետք Մոալլեմ ըսաւ, որ Դամասկոս կ՛աջակցի ՄԱԿ-ի պատուիրակին քաղաքական լուծման ուղղութեամբ տարած աշխատանքներուն` շեշտելով Մոսկուայի հանդիպումներուն ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ «Ժընեւ-3»-ը յաջողցնելու...

Ամերիկեան Վարչակազմը Կ՛ուղղուի  Դէպի Վենեզուելայի Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացում

Ամերիկեան Վարչակազմը Կ՛ուղղուի Դէպի Վենեզուելայի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացում

Մատուրօ եւ Քապելլօ Վենեզուելական պետական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Թոմաս Շանըն Հայիթիի մէջ հանդիպում ունեցած է Վենեզուելայի խորհրդարանի նախագահ Տիոստատօ Քապելլոյի հետ` երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով: Վենեզուելական լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Հայիթիի նախագահ Միշել Մարթելիի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած ժողովը տեւած է մէկուկէս ժամ, եւ անոր ներկայ գտնուած է Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարար Տելսի...

«Գայթակղութիւն Պաքուի Մէջ` . Փութին-Էրտողան Հանդիպումէն Առաջ»  Կը Գրէ «Քոմերսանթ»

«Գայթակղութիւն Պաքուի Մէջ` . Փութին-Էրտողան Հանդիպումէն Առաջ» Կը Գրէ «Քոմերսանթ»

Փութին եւ Էրտողան Kommersant.ru կայքը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ վերջերս Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը քիչ մնաց գայթակղութեան վերածուէր: Ռուսիոյ նախագահը հանդիպումին համար պէտք էր գար «Ֆոր Սիզընս» պանդոկ, ուր կը գտնուէր Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը` արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ պատուիրակութեան քանի մը անդամներու ուղեկցութեամբ հասած է սրահ, սակայն...

Ռուսական Կործանիչ Մը Ամերիկեան  Խորտընկէցի Մը Վերեւ 150 Մեթր  Բարձրութեան Վրայ Թռիչք Կատարած Է

Ռուսական Կործանիչ Մը Ամերիկեան Խորտընկէցի Մը Վերեւ 150 Մեթր Բարձրութեան Վրայ Թռիչք Կատարած Է

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ ռուսական կործանիչ մը 152 մեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած է Պալթեան ծովուն մէջ նաւարկող ամերիկեան մարտանաւի մը վերեւ: Ամերիկեան զինուորական աղբիւր մը յայտնած է, որ 11 յունիսին պատահած դէպքին ընթացքին ՕԹԱՆ-ի 4 մարտանաւեր կը գտնուէին դէպքին վայրը` նշելով, որ ամերիկեան «Ճէյսըն Տոնհըմ» մարտանաւին կողքին բրիտանական, ֆրանսական եւ գերմանական նաւեր կը նաւարկէին: Զինուորական աղբիւրը դժգոհութիւն յայտնած է....

Քրտական Ուժերը Կ՛ուղղուին  Դէպի Թել Ապիատի Ազատագրում

Քրտական Ուժերը Կ՛ուղղուին Դէպի Թել Ապիատի Ազատագրում

Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը գրաւեցին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ամէնէն հին կեդրոններէն մէկը նկատուող Սլուք գիւղը, որ կը գտնուի Ռաքքայի գիւղական հիւսիսային շրջանին մէջ` Սուրիոյ սահմանին մօտ: Երկու կողմերուն միջեւ բուռն բախումներէն ետք ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները նահանջած են Թել Ապիատ քաղաք, որ զինուորական գետնի վրայ կը գտնուի անկումի եզրին: Քիւրտ զինեալները, որոնք արդէն հասած են քաղաքի դռներուն, ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերու...

Page 855 of 881 1 … 854 855 856 … 881

Արխիւներ