Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանը Պարտազանցումէն Փրկելու Խնդիրը Պիտի Քննարկուի Եւրոյի Գօտիի Վեհաժողովին Ընթացքին

Յունիս 20, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-19-15_GreeceԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոյի գօտիի խումբի նախագահ Երուն Տէյսելպլում` ամփոփելով Յունաստանի հարցին նուիրուած 18 յունիսին Լիւքսամպուրկի մէջ գումարուած նիստին արդիւնքները, յայտնած է, որ Յունաստանը պարտազանցումէն փրկելու խնդիրը պիտի քննարկուի Եւրոյի գօտիի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն մակարդակով:

Նշեալ ղեկավարներուն ոչ պաշտօնական վեհաժողովը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Աթէնքի համար վարկերու նիւթին, տեղի պիտի ունենայ 22 յունիսին Պրիւքսէլի մէջ:

«Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի կողմէ հրաւիրուած վեհաժողովը ոչ պաշտօնական բնոյթ պիտի ունենայ եւ պիտի շարունակէ Եւրոյի գօտիի խումբին կատարած աշխատանքը», ըսած է ան` ընդգծելով. «Վեհաժողովին գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ պետութիւններու ղեկավարներու ներգրաւումը Յունաստանի շուրջ ստեղծուած կացութեան քննարկման»:

Տէյսելպլում հրաժարած է մեկնաբանել վեհաժողովին ընթացքին Յունաստանի պարտազանցումի եւ Եւրոյի գօտիէն դուրս գալու տարբերակի նախապատրաստման կարելիութիւնը: «Մենք տրամադրուած ենք խուսափելու վատթարագոյն դիպաշարէն», ըսած է ան:

Նշենք, որ Թուսքի կողմէ հրաւիրուած Եւրոյի գօտիի վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 25-26 յունիսին Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած Եւրոպական Միութեան վեհաժողովէն ընդամէնը երկու օր առաջ:

Յունաստան Վարկատուներուն Ներկայացուցած Է
Նոր Առաջարկներ

Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Յունաստանի ելեւմուտքի նախարար Եանիս Վարուֆաքիս Լիւքսամպուրկի մէջ Եւրոյի գօտիի խումբի նիստին ընթացքին նոր առաջարկ ներկայացուցած է միջազգային վարկատուներու պարտքի վերակազմակերպման մասին:

«Անոր առաջարկները հիմնուած են հարկապիւտճէական համախմբման վրայ, որ պէտք է ուղեկցուի պարտքի կայուն կառավարումով… Մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները եւ բաց ենք առաջարկներու համար», մեկնաբանած է աղբիւրը:

Նախապէս Միջազգային դրամական ֆոնտի ղեկավար Քրիստին Լեկարտ յիշեցուցած էր, որ վարկատուներու հետ նոր համաձայնութեան չկնքուելուն պարագային 1 յուլիսին Յունաստանի մէջ  պարտազանցում պիտի յայտարարուի: Իսկ Յունաստանի Կեդրոնական դրամատունը սպառնացած էր.«Գործարք չկնքուելու պարագային պարտազանցում պիտի յայտարարենք եւ դուրս պիտի գանք Եւրոպական Միութենէն»:

 

 

Նախորդը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Ազրպէյճանի Դէմ Վճիռ Արձակած Է

Յաջորդը

Քըլըճտարօղլու Համախոհական Կառավարութեան Վարչապետի Պաշտօնը Կ՛առաջարկէ Պահչելիին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?