Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութեանց Մէջ. Հանրապետական Ժողովուրդի Եւ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութիւններուն Միջեւ Կամուրջներու Հրկիզում

Յունիս 22, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քեմալ Քըլըճտարօղլու
Քեմալ Քըլըճտարօղլու

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ բուռն վիճաբանութիւն ծագեցաւ, երբ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի կտրուկ կերպով մերժեց եւ ձաղկեց համախոհական կառավարութեան վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի առաջարկը:

Պահչելի «Թուիթըր»-ի վրայ անուղղակի կերպով պատասխանելով Քըլըճտարօղլուի առաջարկին գրեց. «Ես ինծի հարց կու տամ. անոնք, որոնք դիրքի կը ձգտին, կրնա՞ն կեանքէն եւ քաղաքականութենէն լաւագոյնս օգտուիլ»: Ան նախապէս այդ առաջարկը կոչած էր «Չինաստանի մէջ արտադրուած խաղալիք մը»` շեշտելով, որ իր կուսակցութեան համար առաջնահերթը սկզբունքներն են եւ ոչ թէ կառավարական դիրքերը: Իբրեւ առաջնահերթ սկզբունքներ Պահչելի նշեց, որ քրտական հարցի լուծման «խաղաղութեան հոլովոյթը» պէտք է կասեցուի, Թուրքիոյ նախագահը պէտք է նորակառոյց նախագահական պալատէն վերադառնայ Չանքայա եւ գործէ սահմանադրութեամբ ճշդուած իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ: Ան նաեւ պահանջեց, որ փտածութեան հարցով բանտէն ազատ արձակուած չորս նախարարները դարձեալ դատուին: Ան նաեւ իր խօսքը վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին ուղղելով եւ նախագահին որդիին` Պիլալ Էրտողանին ակնարկելով ըսաւ. «Մեզի Պիլալը տուէք, կառավարութիւնը առէք»:

Աւելի՛ն, նշեալ երկու կուսակցութեանց կողմէ համախոհական կառավարութեան մը կազմութիւնը խորհրդարանական մեծամասնութիւն գոյացնելու համար կը կարօտի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան աջակցութեան: Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխաններէն Եուսուֆ Հալաֆօղլու յայտնեց. «(Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող) այդպիսի համախոհական կառավարութեան մը մաս պիտի չկազմենք»:

Պահչելի նշեց, որ համախոհական կառավարութեան մը կազմութեան առաջին ընտրանքը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ կազմուած կառավարութիւն մըն է: «Եթէ կառավարական տագնապ մը ստեղծուի, ապա ամէնէն առողջ ընտրանքը ժողովուրդին կամքին վերադառնալն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ 15 նոյեմբեր 2015-ը կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու հաւանական թուական մըն է:

Քըլըճտարօղլու իր կարգին անուղղակի կերպով Պահչելիին հակադարձելով յիշեցուց, որ ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններն ալ իրենց ընտրազանգուածին խոստացած էին վերջ տալ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մենատիրական իշխանութեան եւ պայքարիլ փտածութեան դէմ: «Ահա թէ ինչու ուզեցինք ցոյց տալ, որ պատրաստ ենք որեւէ աթոռ զիջիլ, որովհետեւ մեզի համար առաջնահերթը սկզբունքներն ու Թուրքիոյ շահերն են»:

«Այլ կուսակցութիւններ կը խօսին այն մասին, թէ որո՛ւն հետ կրնան կառավարութիւն կազմել, սակայն մեզի համար (կառավարութեան կազմութեան) արժէչափը մեր սկզբունքներն ու խոստումներն են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անոնք նոյնիսկ կառավարութեան պատկերացում մը չունին»:

Միւս կողմէ, «Հիւրրիյէթ» հաղորդեց, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն կազմելու նկատմամբ դրականօրէն տրամադրուած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այդ նպատակին դէմ ցցուած խոչընդոտները վերցնելու ուղղութեամբ գործողութիւններու սկսած է: Ըստ տեղեկութիւններու, իշխող կուսակցութեան մէջ քննարկումներ սկսած են Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ անոր առջեւ դրուած երեք հիմնական պայմաններուն շուրջ:

Յիշեցնենք, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Մեւլութ Քարաքայա 18 յունիսին «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութեան յայտնած էր. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը չներառող համախոհական կառավարութեան ընտրանք մը գոյութիւն չունի»:

Պաշտօնատարներ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած են, որ Թուրքիոյ նոր խորհրդարանը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ 23 յունիսին: Նորընտիր երեսփոխաններու երդման արարողութենէն ետք Էրտողան Ահմեթ Տաւութօղլուին պիտի յանձնարարէ կազմել նոր կառավարութիւնը: Սակայն Էրտողան երէկ հերքեց, թէ խորհրդարանի նախագահի ընտրութենէն առաջ կը պատրաստուի Տաւութօղլուին յանձնարարել նոր կառավարութիւնը կազմել:

Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ իշխող կուսակցութեան մէջ պառակտում մը յառաջացած է, որուն գլխաւոր բեւեռներն են Էրտողան, Տաւութօղլու եւ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ:

Նախորդը

Թեհրան Չի Բացառեր Յուլիսէն Ետք Վեցեակին Հետ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութիւնը

Յաջորդը

«Ուիքիլիքս» Կը Հրապարակէ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Աւելի Քան 60 Հազար Փաստաթուղթեր

RelatedPosts

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Միջազգային

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Մարտ 31, 2023
Հերքելով Նեթանիահուի Յայտարարութիւնը`  «Իսրայէլ Չի Բաւարարեր Միացեալ Նահանգներ  Առանց Արտօնագիրի Մուտքի Պահանջները»  Կ՛ըսէ Փաթել
Միջազգային

Հերքելով Նեթանիահուի Յայտարարութիւնը` «Իսրայէլ Չի Բաւարարեր Միացեալ Նահանգներ Առանց Արտօնագիրի Մուտքի Պահանջները» Կ՛ըսէ Փաթել

Մարտ 31, 2023
Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարի  Օգնականը Կ՛այցելէ Հարաւային Կովկաս Եւ Թուրքիա
Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարի Օգնականը Կ՛այցելէ Հարաւային Կովկաս Եւ Թուրքիա

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In