«Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպին «Պրուքինկզ» հիմնարկին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ չկայ եւ երբեք պիտի չըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի զինուորական լուծում:
Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են ղարաբաղեան տագնապի արդար, խաղաղ, տեւական եւ բոլոր կողմերուն համար շահաւէտ լուծման վրայ, եւ ճիշդ այդ մօտեցումը պէտք է գերակայէ յաջողութեան հասնելու համար:
«Գոյութիւն չունի աւելի լաւ լուծում, բոլոր միւսները այնքան սարսափելի են, որ զանոնք չ՛արժեր նոյնիսկ քննարկել», ըսած է Ռուպին եւ ընդգծած, որ ժամանակն է, որ կողմերը վերահաստատեն յառաջընթացի հասնելու իրենց պատրաստակամութիւնը եւ նուիրուածութիւնը: Ան չէ մանրամասնած, թէ այդ մէկը պէտք է կատարուի կողմերու յայտարարութեա՞ն, թէ՞ նախագահներու հերթական հանդիպումի ձեւով:
«Ատիկա դիւրին չէ, եւ այդ կարգաւորման հասնելու համար երկու կողմն ալ պէտք է որոշ ընտրութիւն կատարեն, ատիկա երկու կողմերուն ալ համար բարդ է եւ ճիշդ այդ պատճառով լուծման տակաւին չենք հասած», աւելցուցած է ան:
Էրիք Ռուպին նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգները համանախագահող միւս երկիրներուն հետ միասին, պատրաստ են տեւական խաղաղութեան հաստատման համար կատարելու կարելի ամէն ինչ, իսկ տագնապին կողմերը պէտք է ձեռնպահ մնան բռնութիւններէն:
«Մեր կարծիքով, չափազանց կարեւոր է, որ կողմերը ամէն ձեւով զերծ մնան այս իրավիճակը սրելէ. այսպիսով, միջադէպերէն խուսափիլը վճռական հարց է», ըսած է ան: