
Գերմանական «Ցու Էռսթ» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մանուէլ Օքսընռայթըր նշեալ պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած «Հան-Եորկ Ենըվայնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ միջազգային դէտ Աւստրիական ազատութիւն կուսակցութենէն վիեննացի քաղաքագէտ Հան-Եորկ Ենըվայնի Արցախ այցելութեան. այցելութիւն մը, որուն ընթացքին աւստրիացի քաղաքագէտին ընկերակցած էր յօդուածին հեղինակ Օքսընռայթըր: Վերջինս սիրայօժար կերպով «Ազդակ»-ին տրամադրեց իր վերոնշեալ յօդուածը, որմէ ստորեւ կը կատարենք կարգ մը մէջբերումներ:
Օքսընռայթըր կը գրէ, որ Ենըվայն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին նուիրուած քաղաքագէտ մըն է: «Ասիկա սրտիս շատ մօտիկ եղող հարց մըն է», ըսած է Ենըվայն` խօսելով Արցախի ընտրութիւններուն մասին: «Ի վերջոյ իր ժողովրդավարական զարգացման եւ իր ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման փոքր երկրի մը օժանդակելու մասին է», կը գրէ Օքսընռայթըր:
Ենըվայն ընտրութիւններուն ընթացքին վերաբերեալ գոհունակութիւն յայտնելով նշած է. «Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ ժողովուրդը ամէն ինչ ճշգրիտ կերպով կը կատարէ»: Օքսընռայթըր կը գրէ. «Խորհրդարանական ընտրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է: Ատիկա միայն նոր խորհրդարան մը ընտրելու մասին չէ, այլ նաեւ իրենք զիրենք աշխարհին իբրեւ «կատարելապէս բնական, ժողովրդավարական երկիր» ներկայացնելու մասին»:
Ան կը նշէ, որ աւստրիացի քաղաքագէտը կը գիտակցէր, որ աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւն ներկայացնող վայրի մը մէջ կը գտնուի` աւելցնելով. «Ուստի առաւել եւս կարեւոր է, որ այստեղի ժողովուրդին օժանդակենք»: Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նկատմամբ Եւրոպական Միութեան կեցուածքին, Ենըվայն կը յայտնէ. «Հաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման միակ ձեւն է: Իւրաքանչիւր ժողովրդավարական նախաձեռնութիւն, մասնաւորաբար ընտրութիւնները, բնականոնացման եւ ժողովրդավարականացման ուղղութեամբ առնուած քայլ մըն է: Իւրաքանչիւր եւրոպացի պէտք է ատով հետաքրքրուի»:
Ընտրութիւններուն վերաբերեալ իր տպաւորութիւնները ամփոփելով Ենըվայն նշած է. «Որեւէ գանգատ չունիմ: Կանոնաւոր, ազատ, գաղտնի եւ հաւասար ընտրութիւններ էին»: