
ՍՊԻՏԱԿ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրը:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Սիւզըն Ռայս յայտարարեց, որ իր երկրին պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր Միջին Արեւելքի մէջ կասկածներ ունեցող դաշնակիցներուն Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրին բարեմասնութիւնները ներկայացնելու Օպամայի վարչակարգի ջանքերուն ծիրին մէջ պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական 10 «Էֆ-16»-ներ խախտած են Յունաստանի օդային տարածքը: Յունական կործանիչներ թրքական կործանիչներուն դէմ կեղծ մարտեր մղելէ ետք` զանոնք ետ մղած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ «Ախպար» օրաթերթը` մէջբերելով «Ուիքիլիքս»-ի կողմէ հրապարակուած եւ ամերիկեան Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան պատկանող մէկ փաստաթուղթը, կը հաղորդէ, որ 1 օգոստոս 2008-ին Սուրիոյ նախագահի օգնական Մոհամետ Սլէյմանի ահաբեկուած է Թարթուսի ծովեզերքին մօտ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերու փոքր խմբակի մը կողմէ` արձակազէնի մը միջոցով:
«ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ» հաղորդեց, որ եգիպտական ծովուժին պատկանող յածանաւ մը կրակ առած է Ռաֆահի եգիպտական կողմը` զինեալներու հետ փոխհրացանաձգութեան պատճառով: Աւելի ուշ, ՏԱՀԵՇ ստանձնեց դէպքին պատասխանատուութիւնը:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկուշաբթի օր Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած են 16-23 տարեկան 4 անձեր, որոնք «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթի խմբագրատան դէմ յարձակումին Ա. ամեակին առիթով կը ծրագրէին ֆրանսացի բարձրաստիճան զինուորական մը գլխատել:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ներքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 14 յուլիսին խուլիկաններ 721 ինքնաշարժներ հրկիզած են: Անկարգութիւններ տեղի ունեցած են Ֆրանսայի բազմաթիւ մեծ քաղաքներու մէջ, մասնաւորաբար` Լիոնի մէջ: Փարիզի Սեն Տընի շրջանին մէջ հրկիզուած են նաեւ խանութներ եւ դպրոցական հաստատութիւններ: Ոստիկանութիւնը այդտեղ ձերբակալած է 110 խուլիկան:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ առողջապահութեան նախարար Մարիսոլ Թուրեն յայտարարեց, որ 29 յունիսէն 5 յուլիս երկիրը հարուածած տաքի ալիքին պատճառով արձանագրուած է 700 զոհ եւ 3580 ուրիշներ փոխադրուած են հիւանդանոց:
«ՌՈՅԹԸՐԶ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիա մտադիր է 200 հազար թոն հեղուկ բնական կազ Խրիմի նաւահանգիստէն փոխադրել Սուրիա:


