
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հրապարակեց Իրան-Վեցեակ համաձայնութիւնը որդեգրող թիւ 2231 որոշումը: Բանաձեւը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ:
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին յայտարարեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը կը հաստատէ, որ Իրան իրաւունք ունի խաղաղ նպատակներու համար հիւլէական ծրագիր զարգացնելու` աւելցնելով, որ Վիեննայի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը ցոյց կու տայ, որ քաղաքական կամքը կրնայ ամէնէն բարդ խնդիրները լուծել:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը Իրանի դէմ պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ, եթէ վերջինս Վիեննայի համաձայնութիւնը չյարգէ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Վիեննայի համաձայնութիւնը պատժամիջոցներու հաստատում կամ վերահաստատում, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան կամ Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանափակումներ չ՛արտօներ` շեշտելով, որ եթէ այդպիսի քայլեր կատարուին, ապա Թեհրան իր ստանձնած յանձնառութիւններէն ազատ պիտի ըլլայ: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ համաձայնութիւնը որեւէ կողմի իրաւունք չի տար Իրանի զինուորական կեդրոնները խուզարկել կամ իրանեան զինուորական ճարտարագիտութեան ծանօթանալ:
Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար զօր. Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտնեց, որ միջազգային որեւէ որոշում, որ կը հակասէ Իրանի կարմիր գիծերուն, կը կորսնցնէ իր հաւաստիութիւնը: «Այն ինչ որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որդեգրելիք որոշումը կը յատկանշէ այն է, որ 7-րդ յօդուածին տրամադրութեանց տակ չէ», նշեց ան:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր Իրանի հետ կնքուած համաձայնագիրին բարեմասնութիւնները ներկայացնելու համար ձեռնարկեց միջինարեւելեան իր շրջապտոյտին եւ երէկ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ու պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոնի հետ:
Իսրայէլ իր այցելութենէն ետք Քարթըր պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, ապա Յորդանան:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է Թեհրանի հետ իր յարաբերութիւններու բարելաւման կարելիութիւնները քննարկելու: Ան ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ իր երկիրը այս համաձայնութեամբ Իրանի դաշնակիցին չէ վերածուած, այլ կը շարունակէ հակառակորդը ըլլալ` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ տակաւին բազմաթիւ առկախ հարցեր գոյութիւն ունին:
Քերրի Քոնկրեսին կոչ ուղղեց վաւերացնելու Իրանի հետ համաձայնութիւնը` նշելով, որ զայն մերժելը կը նշանակէ, թէ Իրան ազատ պիտի ըլլայ, իսկ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները Իրանի դէմ պատժամիջոցները պիտի չվերահաստատեն, եթէ Միացեալ Նահանգներ այդպիսի բան կատարեն:
Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց
Նախարարութիւններու Խորհուրդը Վաւերացուց
Իրանի Վերաբերեալ Համաձայնագիրը
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու խորհուրդը երէկ հաւանութիւն տուաւ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ կնքուած համաձայնագիրին:
Պրիւքսէլի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները պիտի սպասեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նշեալ համաձայնագիրին շուրջ քուէարկութեան, որպէսզի իրենց ստորագրութիւնները դնեն բանաձեւին վերջնական տարբերակին տակ:
Իրան եւ Վեցեակ 14 յուլիսին պատմական համաձայնութեան հասան իրանեան հիւլէական թղթածրարի բազմամեայ հիմնախնդիրի լուծման շուրջ:
Համաձայնագիրը պիտի քննարկուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ:


