
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ երկրին մէջ համախոհական կառավարութիւն կազմելու գործին մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ամէնէն հաւանական գործընկերը Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն է:
Ան նշած է, որ կուսակցութիւններու հետ բանակցութիւններու առաջին հանգրուանէն ետք ստեղծուած են յատուկ առանձին աշխատանքային խումբեր, որոնք պիտի աշխատին քաղաքական ուժերէն իւրաքանչիւրին հետ:
«Այս պահուս Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հետ աւելի լաւ վիճակի մէջ ենք: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ Ազգայնական շարժում կամ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւններէն հեռու ենք: Սխալ են այն խորագիրները, թէ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը իր դռները փակած է», նշած է Տաւութօղլու: Ան ընդգծած է, որ բանակցութիւններուն մէջ պատրաստ է քննարկելու ընտրական շեմը 10 առ հարիւրէն նուազեցնելու հարցը:
Միւս կողմէ, «Հապերլեր» հաղորդած է, որ հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտաիօղլուի աջ ձեռքը նկատուող Կիւրսել Թեքին յայտնած է, որ Քըլըճտաիօղլու իր կուսակիցներուն յանձնարարած է չքննադատել նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Թեքին նշած է, որ իր կուսակցութիւնը կ՛ընդունի Տաւութօղլուի` Էրտողանը չքննադատելու պահանջը: