Միջազգային

«Իրանի Հետ Համաձայնութիւնը Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Անվտանգութեան»  Ըսաւ Շթայնմայեր

«Իրանի Հետ Համաձայնութիւնը Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Անվտանգութեան» Ըսաւ Շթայնմայեր

Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր քննադատեց Իսրայէլի` Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնութեան ընդդիմութիւնը` նշելով. «Համաձայնութիւնը պիտի նպաստէ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ անվտանգութեան հաստատման»: «Այս համաձայնութիւնը երաշխաւորուած է, եւ Իսրայէլ պէտք է ուշադիր քննէ զայն եւ ոչ թէ այս կարծր կերպով քննադատէ համաձայնութիւնը», յայտարարեց ան` նշելով. «(Համաձայնութիւնը) հիմնուած է թափանցիկութեան եւ Իրանի յանձնառութիւնը հսկելու կարողութեան...

Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութեան Ընթացքին.  Տաւութօղլու Քրտամէտ Կուսակցութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Բռնարարքներն Ու Ժողովրդավարութիւնը Իրարմէ Անջատելու

Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութեան Ընթացքին. Տաւութօղլու Քրտամէտ Կուսակցութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Բռնարարքներն Ու Ժողովրդավարութիւնը Իրարմէ Անջատելու

Եիւքսեքտաղ, Տաւութօղլու եւ Տեմիրթաշ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ համախոհական կառավարութեան կազմութեան երրորդ եւ վերջին հանդիպումին համար այցելած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնատեղին: Հանդիպումը աւելի երկարատեւ եղած է, քան Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեանց հետ հանդիպումները: Հանդիպումին ընթացքին Տաւութօղլու իր տեսակէտը յայտնած է երեք սկզբունքներու` խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան առնչութեամբ, իսկ քրտամէտ...

Ազրպէյճանի Բանակը Նախիջեւանի Մէջ Մարտավարական Ռազմափորձեր Կատարած Է

Ազրպէյճանի Բանակը Նախիջեւանի Մէջ Մարտավարական Ռազմափորձեր Կատարած Է

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի բանակը 2015-ի մարտական պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն մարտավարական ռազմափորձեր կատարած է Նախիջեւանի մէջ: Ռազմափորձերը տեղի ունեցած են սահմանափակ տեսանելիութեան, բարդ տարածքի եւ անկայուն եղանակի պայմաններուն մէջ մարտական նշանառութեան գծով: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը այդ առնչութեամբ յայտնած է, որ ռազմափորձերու ծիրին մէջ միջոցառումներ կ՛որդեգրուին այսպէս կոչուած Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան պաշտպանական ներուժը ամրապնդելու եւ Առանձին...

Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը Հաստատեց Կեզիի Զբօսայգիին Տեղ Օսմանեան Զօրանոց Վերակառուցելու Որոշումը

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Պետական խորհուրդը հաստատած է Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիին մէջ Օսմանեան զօրանոցի մը կրկնօրինակը կառուցելու որոշումը, որ Պոլսոյ շրջանային Ա. դատարանը բողոքի բուռն ցոյցերէն ետք ջնջած էր 6 յունիս 2013-ին: Շուրջ մէկ տարի ետք` ապրիլ 2014-ին Պետական խորհուրդը, ընդառաջելով Պոլսոյ քաղաքապետութեան դիմումին, դարձեալ քննած էր հարցը եւ հաստատած ծրագիրը ջնջելու որոշումը: Բայց եւ այնպէս, քաղաքապետարանը...

Իրան-Վեցեակ «Պատմական»  Համաձայնութիւն

Իրան-Վեցեակ «Պատմական» Համաձայնութիւն

Իրան եւ Վեցեակը (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա) Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ երէկ «պատմական» համաձայնութիւն մը գոյացուցին: Ամերիկեան Կեցուածքներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այս առիթով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համաձայնութիւնը Իրանի համար «դէպի հիւլէական զէնք առաջնորդող բոլոր ճամբաները կը փակէ»: Ան նշեց, որ շնորհիւ այս համաձայնութեան Իրան որեւէ հիւլէական զէնք պիտի չզարգացնէ, հիւլէական...

Թուրքիոյ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութիւնը Կը Մերժէ Մաս Կազմել Համախոհական Կառավարութեան

Թուրքիոյ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութիւնը Կը Մերժէ Մաս Կազմել Համախոհական Կառավարութեան

Պահչելի եւ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նշեալ կուսակցութիւնը կը մերժէ համախոհական կառավարութեան մը մաս կազմել: Տաւութօղլու աւելցուց, որ կրնայ Պահչելիի հետ յաւելեալ հանդիպումներ ունենալ, եթէ անոնց կարիքը զգացուի: Տաւութօղլու համախոհական կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն ծիրին մէջ երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցած էր Հանրապետական...

ՔԱԿ-ի Զինեալ Թեւի Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Միակողմանի Զինադադարը Յայտարարելը Միամտութիւնն Էր»

ՔԱԿ-ի Զինեալ Թեւի Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Միակողմանի Զինադադարը Յայտարարելը Միամտութիւնն Էր»

Մուրատ Քարայըլան «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալ թեւի ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլան «Էյ. Էմ. Սի. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իրենց կողմէ միակողմանի կերպով զինադադար յայտարարելը միամտութիւն էր: Ան ըսած է, որ իրենք միամտաբար հաւատացած են Էրտողանի խոստումին, որ անպայման սահմանադրական բարեփոխումներ պիտի կատարուին եւ պիտի կարգաւորուի քրտական հարցը` ինքնավարութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ:...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Ֆրանսայի մէջ փեթրոքիմիական «Լիոնիլ Պասիլ» կեդրոնին մէջ երկու պայթում տեղի ունեցաւ: ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստէ Միջին Արեւելքի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան հարցին նուիրուած նախարարական մակարդակով խորհրդաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ 8 սեպտեմբերին: «ՌՈՅԹԸՐԶ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը չեղեալ նկատած է Կիւլենի դպրոցները փակելու որոշումը: ՉԻՆԱԿԱՆ ոստիկանութիւնը...

Ազրպէյճան Մերժած Է Միացեալ Արբանեակային Ծառայութիւններ Մատուցելու Թուրքիոյ Առաջարկը

Ազրպէյճան Մերժած Է Միացեալ Արբանեակային Ծառայութիւններ Մատուցելու Թուրքիոյ Առաջարկը

Թուրքիոյ «Թիւրքսաթ» արբանեակային ծառայութիւններու ընկերութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր ընթացած բանակցութիւնները բացասական արդիւնք ունեցած են: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «ֆաքթհապեր» կայքը, կը հաղորդէ, որ թրքական բոլոր յառաջատար լրատուամիջոցները զարմանքով անդրադարձած են այն իրողութեան, որ Ազրպէյճան մերժած է «Թիւրքսաթ»-ի տեղակայման շրջաններուն մէջ միացեալ արբանեակային ծառայութիւններ մատուցելու վերաբերեալ թրքական կողմի առաջարկը: «Թիւրքսաթ»-ի արբանեակային ծառայութիւններուն առնչուած զեկուցումին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններուն...

Ճափոնի Մէջ   Տաք Եղանակին Պատճառով Զոհեր

Ճափոնի Մէջ Տաք Եղանակին Պատճառով Զոհեր

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ճափոնի մէջ վերջին շաբթուան ընթացքին արեւահարութեան պատճառով արձանագրուած է չորս զոհ, իսկ աւելի քան երեք հազար մարդ հիւանդանոց փոխադրուած է: Ճափոնի համար աննախադէպ տաք եղանակը շարունակուած է ամբողջ նախորդ շաբթուան ընթացքին: Միայն կիրակիէն երկուշաբթի երկարող ժամանակաշրջանին արձանագրուած է չորս զոհ եւ հիւանդանոց փոխադրուած են 800 ուրիշներ: Որոշ շրջաններու մէջ օդի ջերմաստիճանը հասած է 38,4 աստիճանի:...

Ցարական Ընտանիքը Կը Հերքէ Ռուսիոյ Մէջ Յատուկ Կարգավիճակ Ստանալու Համար Դիմումի Լուրը

Ցարական Ընտանիքը Կը Հերքէ Ռուսիոյ Մէջ Յատուկ Կարգավիճակ Ստանալու Համար Դիմումի Լուրը

«Էռ.Պի. Սի. Տէյլի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ երբեմնի ցարական ընտանիքի անդամները` Ռոմանովները, հերքած են մամուլին մէջ յայտնուած այն տեղեկութիւնները, թէ յատուկ կարգավիճակ ստանալու խնդրանք յղած են Ռուսիոյ իշխանութիւններուն: Ռոմանովներու շառաւիղները նաեւ մտադիր չեն այդ խնդրանքով դիմել Քրեմլինին: Ռոմանովներու գրասենեակէն յայտնած են, որ իրենց «մնայուն դիրքորոշումն» է կեցութեան մասին խնդրանքներով չդիմել ոեւէ մէկուն: Սակայն Ռոմանովներու ժառանգորդները ըսած են, որ արդար պիտի...

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Ուաշինկթընի Կողմէ Հիւլէական Ռումբի Փորձարկումը Կը Նկատէ Գրգռիչ Արարք

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Ուաշինկթընի Կողմէ Հիւլէական Ռումբի Փորձարկումը Կը Նկատէ Գրգռիչ Արարք

Անաթոլի Անթոնով Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Անաթոլի Անթոնով յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ հիւլէական ռումբի փորձարկումը գրգռիչ բնոյթ ունի»: «Այս մարզին մէջ ամերիկեան կողմին վարմունքը կը հակասէ Ուաշինկթընի` աշխարհը հիւլէական զէնքէ ազատ դարձնել ձգտելուն մասին յայտարարութիւնները: Աւելի՛ն, անիկա ցոյց կու տայ Միացեալ Նահանգներու մտադրութիւնը պահպանելու Եւրոպայի մէջ տարածումը հիւլէական միջոցներու, որոնք կրնան հասնիլ ռուսական հողերուն, ինչպէս նաեւ այս միջոցառումներուն առաւելագոյն ազդուութեան պահպանումը»,...

Եւրոյի Գօտիի Ղեկավարները Յունաստանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

Եւրոյի Գօտիի Ղեկավարները Յունաստանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոյի գօտիի ղեկավարները արտակարգ վեհաժողովի ընթացքին Յունաստանի հետ գոյացուցած են ելեւմտական օժանդակութեան 3-րդ թղթածրարին վերաբերեալ համաձայնութիւն մը: Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել յայտարարեց. «Ձեռք բերուած է համաձայնութիւն»: Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Տոնալտ Թուսք «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ բոլորը պատրաստ են Յունաստանի համար դիմելու Եւրոպական կայունութեան մեքանիզմի ծրագիրին: Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ժան Քլոտ Եունքըր իր կարգին յայտարարեց, որ...

Ըստ Յորդանանի Ներքին Գործոց Նախարարին. Սուրիական Տագնապը Պիտի Աւարտի Տարեվերջին

Ըստ Յորդանանի Ներքին Գործոց Նախարարին. Սուրիական Տագնապը Պիտի Աւարտի Տարեվերջին

Յորդանանի ներքին գործոց նախարար Սալամէ Հատտատ նախատեսեց, որ սուրիական տագնապը աւարտի այս տարեվերջին: Ան նշեց, որ սուրիացի ապաստանեալներու ճգնաժամին Յորդանանի համար ստեղծած ծանր պայմաններուն պատճառով ՄԱԿ-ի եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրող երկիրներուն հետ բանակցութիւններ կ՛ընթանան:

«Միջին Արեւելքի Եւ Արաբական Աշխարհին Նկատմամբ Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը Վերատեսութեան Ենթարկելու Կարիքը Ունինք»  Կ՛ըսէ Կիւլ

«Միջին Արեւելքի Եւ Արաբական Աշխարհին Նկատմամբ Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը Վերատեսութեան Ենթարկելու Կարիքը Ունինք» Կ՛ըսէ Կիւլ

Ապտիւլլա Կիւլ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ թրքական «Բարեկամութիւն» միութեան կազմակերպած իֆթարի ընթացքին եւ Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ներկայութեան քննադատեց իր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը` նշելով. «Թուրքիան կարիքը ունի աւելի իրապաշտ տեսակէտներ որդեգրելով Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհին նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու»: «Թուրքիան պէտք ունի ամրապնդելու իր յարաբերութիւնները Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն հետ` սկսելով Եգիպտոսէն եւ...

Սիպերիոյ Մէջ.  Ռուսական Բանակի Զօրանոցի Մը Շէնքին Մէկ Հատուածը Փուլ Եկաւ

Սիպերիոյ Մէջ. Ռուսական Բանակի Զօրանոցի Մը Շէնքին Մէկ Հատուածը Փուլ Եկաւ

23 զինուորներ մահացան, երբ Սիպերիոյ Օմսք շրջանին մէջ գտնուող ռուսական բանակի զօրանոցի շէնքին մէկ հատուածին բոլոր չորս յարկերը փուլ եկան: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Խոնաշենքով յայտնեց, որ փլատակներուն տակ գտնուող 42 անկարգելաւորները դուրս բերուած են: Անոնցմէ 23-ը մահացած են: 11 յուլիսին Ուրալի շրջանին մէջ գտնուող Փերմ քաղաքի բնակարանային շէնքի մը մէկ բաժինը փուլ եկած էր` պատճառելով 2 զոհ:

Ֆրանսական Ոստիկանութիւնը Ազատեց «Փրիմարք»-ի Պատանդները

Ֆրանսական Ոստիկանութիւնը Ազատեց «Փրիմարք»-ի Պատանդները

Երեք զինեալներ երէկ Փարիզի մօտ գտնուող «Քուարց» առեւտուրի կեդրոնի «Փրիմարք» խանութին մէջ պատանդ բռնեցին 18 մարդ: Ըստ երեւոյթին, յարձակումը կատարուած է կողոպուտի նպատակով: Պատանդներէն ոչ ոք վիրաւորուեցաւ, սակայն անոնցմէ մէկը ֆրանսական ոստիկանութեան փրկարար գործողութեան ընթացքին թուլութիւն զգաց: Ոստիկանութիւնը ձեռնարկեց առեւտրական կեդրոնի տարածքին մէջ յանցագործները գտնելու գործողութեան մը:

Ըստ Գիտնականներու.  Աշխարհը Կը Շարժի Դէպի Նոր «Սառէ Դարաշրջան»

Ըստ Գիտնականներու. Աշխարհը Կը Շարժի Դէպի Նոր «Սառէ Դարաշրջան»

Բրիտանական «Տը ՏԷյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Նորթումպրիա համալսարանի գիտնականները նախազգուշացուցած են, որ աշխարհը նոր «սառէ դարաշրջան»-ի սկիզբէն կը բաժնէ ճիշդ 15 տարի: Անոնց նախատեսութիւններուն համաձայն, 15 տարի ետք պիտի սկսի «փոքր սառէ դարաշրջան» մը, որուն ընթացքին ամբողջ մոլորակին մէջ պիտի արձանագրուին աննախադէպ ցուրտ ձմեռներ: Նշեալ համալսարանի գիտական խումբը այդ եզրայանգումին հասած է` ուսումնասիրելով արեւուն մէջ տեղի ունեցող հեղուկային...

Յունաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Վարկատուներու Հետ Համաձայնութեան Ծրագիրը

Յունաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Վարկատուներու Հետ Համաձայնութեան Ծրագիրը

Ցիփրաս` խորհրդարանին մէջ Յունաստանի խորհրդարանը իր աջակցութիւնը յայտնեց յունական կառավարութեան կողմէ երկրին պարտքերուն ճգնաժամին վերջ տալու եւ ելեւմտական նոր օժանդակութիւն ապահովելու ձգտող տնտեսական բարեփոխումներու թղթածրարին: 251 երեսփոխաններ թղթածրարին թեր քուէարկեցին, 32 երեսփոխաններ` ոչ, իսկ 8 ուրիշներ ձեռնպահ մնացին: Ձեռնպահ մնացած երեսփոխաններու շարքին էին իշխող Սիրիզա կուսակցութենէն խորհրդարանի նախագահ Զոյ Քոնսթանթոփուլու եւ ուժանիւթի նախարար Փանակիոթիս Լաֆազանիս: Հակառակ անոր որ իր կուսակցութեան...

Առընչ Չի Բացառեր Համախոհական Կառավարութիւն Կազմելու Գործը Քըլըճտարօղլուին Յանձնելու Կարելիութիւնը

Առընչ Չի Բացառեր Համախոհական Կառավարութիւն Կազմելու Գործը Քըլըճտարօղլուին Յանձնելու Կարելիութիւնը

Պիւլենթ Առընչ «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ յայտարարած է, որ եթէ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ բանակցութիւններէ ետք չկարենայ կազմել համախոհական կառավարութիւն, ապա այդ գործը պիտի յանձնուի Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի: Փոխվարչապետը նշած է, որ թէեւ կառավարութիւն կազմելու համար նախատեսուած 45-օրեայ ժամկէտը նոր սկսած է, սակայն Տաւութօղլու չի պատրաստուիր մինչեւ վերջ զայն օգտագործել:...

Page 848 of 881 1 … 847 848 849 … 881

Արխիւներ