
Երէկ Կազայի մէջ շարք մը պաշտօնատարներու, ներառեալ Համաս շարժումէն անդամներու ինքնաշարժները ականահարուեցան:
Առաւօտեան ժամը վեցէն ետք տեղի ունեցած հինգ պայթումներու պատճառներով երկու անձեր թեթեւ վէրքեր ստացան: Լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ ականահարուած հինգ ինքնաշարժները կը պատկանէին Համաս եւ Իսլամական ժիհատ շարժումներու անդամներու:
Յիշեցնենք, որ վերջերս ՏԱՀԵՇ-ի համակիր սալաֆականներ սպառնացած էին Համասի ղեկավարութեան:


