
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Խրիմի դատախազ Նաթալիա Փոքլոնսքայա յայտարարած է, որ Նիքոլա Բ. ցարի Ռուսիոյ գահէն հրաժարումը իրաւական ուժ չունի:
Իր վիճայարոյց յայտարարութիւններով յայտնի Փոքլոնսքայա այդպիսի գնահատական հնչեցուցած է Լիւատիոյ մէջ ցարին նուիրուած յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին:
Այս անգամ Փոքլոնսքայա մասնաւորաբար ըսած է, որ ռուսական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ներկայացուած հրաժարման փաստաթուղթին պատճէնը ստորագրուած է մատիտով, առանց անհրաժեշտ իրաւաբանական ու արարողակարգային ընթացակարգերու պահպանման, ուստի այդ թուղթը ոչ մէկ իրաւական ուժ ունի, եւ բոլորը ատիկա գիտեն:


