Թուրքիոյ Մէջ Այս Շաբաթ Վերջնականապէս Կ՛որոշուի Համախոհական Կառավարութիւն Կազմելու Հարցը
Տաւութօղլու եւ Քըլըճտարօղլու «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ահմեթ Տաւութօղլու համախոհական կառավարութեան ձեւաւորման բանակցութիւններուն ծիրին մէջ 4,5 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցած է քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմեր Չելիք: Վերջինս յայտնած է, որ Տաւութօղլու եւ Քըլըճտարօղլու համաձայնած են...



















