Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Յետաձգած Է Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ը Հարուածելու Որոշումին Քուէարկումը

August 13, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

British-Parliament_8-11-15

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տունը մինչեւ տարեվերջ յետաձգած է ՏԱՀԵՇ-ը հարուածելու որոշումը վաւերացնելու հարցը: Օրաթերթը կը նշէ, որ կառավարութիւնը որոշումին վաւերացումը ապահովելու համար կարիքը պիտի ունենայ ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութեան աջակցութեան:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը գրէ, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆայլըն ամիսներէ ի վեր աշխատանք կը տանի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներ կատարելու, սակայն կառավարութիւնը մտահոգ է, որ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը չզօրակցի այդ քայլին, մանաւանդ որ նշեալ կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին ուժեղ թեկնածուներէն Անտի Պըրնըմ այդ քայլին արդիւնաւէտութեան շուրջ կասկած կը յայտնէ:

Պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ նախքան խորհրդարանին մէջ այդ հարցը քուէարկութեան դնելը, անհրաժեշտ է սպասել մինչեւ որ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը իր ղեկավարը ընտրէ, ապա կուսակցութեան պէտք է որոշ ժամանակ տալ, որ իր հարցերը դասաւորէ:

Այլ պաշտօնատար մը ըսած է. «Կառավարութիւնը նախանձախնդիր է, որ Ներկայացուցիչներու տունը մասնակից դառնայ այդ որոշումին, ուստի իմաստուն քայլը սպասելն է, որպէսզի այդ համաձայնութիւնը կարելի ըլլայ ստանալ»:

Բրիտանիա իրաքեան կառավարութեան դիմումին ընդառաջելով մասնակից է Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներուն, սակայն բրիտանական կառավարութիւնը խորհրդարանէն չէ խնդրած այդ առաքելութիւնը ընդլայնելով ներառել Սուրիան` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանը 2013-ին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու համար օդային հարուածներ կատարելու կառավարութեան դիմումը մերժած էր: Աշխատաւորական կուսակցութեան այլ ուժեղ թեկնածու մը` Ճերեմի Քորպըն Սուրիոյ օդային հարուածներ հասցնելու քայլին դէմ եղողներէն էր:

 

Նախորդը

«Իսկական Ցեղասպանութիւնը Թուրքիան Գործած Է Հայերուն Դէմ» Կ՛ըսէ Շեշել

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Այս Շաբաթ Վերջնականապէս Կ՛որոշուի Համախոհական Կառավարութիւն Կազմելու Հարցը

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ  Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

October 21, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Հեկսեթ Երկուշաբթի Օր Անակնկալ Իսրայէլ  Այցելած Է Եւ Հանդիպում Ունեցած Նեթանիահուի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Հեկսեթ Երկուշաբթի Օր Անակնկալ Իսրայէլ Այցելած Է Եւ Հանդիպում Ունեցած Նեթանիահուի Հետ

October 21, 2026
Արաղչի. «Իրանն Ու Ռուսիան Երբեք  Այսքան Սերտ Կերպով Չեն Գործակցած»
Միջազգային

Արաղչի. «Իրանն Ու Ռուսիան Երբեք Այսքան Սերտ Կերպով Չեն Գործակցած»

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.