ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Չինաստանի ողողումներու եւ երաշտի դէմ պայքարի պետական ծառայութիւնը հաղորդած է, որ արեւելեան Չինաստանի Չժեցզիան, Ֆուցզիան եւ Ցզիանսու նահանգներուն մէջ «Սուտելոր» փոթորիկէն վնասուած է 3,11 միլիոն մարդ: Զոհերուն թիւը 22 է, իսկ անյայտ կորսուածներունը` 5:
Պետական ծառայութեան զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ կլիմայական աղէտէն ուղղակի տնտեսական վնասը կը գնահատուի 8,73 միլիառ եուանով (1,4 միլիառ տոլար):
«Սուտելոր» Չինաստանի ափեր հասած էր 8 օգոստոսին: Փոթորիկին հարուածին այս կամ այն չափով ենթարկուած են Ֆուցզիան, Ցզիանսու, Չժեցզիան եւ Այնհոյ նահանգները:
Նշենք, որ նախքան Չինաստան հասնիլը, փոթորիկը հարուածած էր Թայուանը, ուր արձանագրուած էր 5 զոհ: