Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կարճ Լուրեր

August 11, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Egypt_8-10-15

– ԵԳԻՊՏՈՍԻ առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երկիրը հարուածող տաքի ալիքին պատճառով արձանագրուած է 21 զոհ եւ 66 ուրիշներ հիւանդանոցներու մէջ դարմանումի ենթարկուած են: Նախարարութիւնը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց անհրաժեշտ նախազգուշութիւնները որդեգրելու, մասնաւորաբար կէսօրուան ընթացքին արեւուն շողերէն զգուշանալու եւ տունէն դուրս գալու միայն ծայրայեղ պարագաներուն:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սրբազան հողերու պահապաններ-ֆրանչիսկեաններ հաստատութիւնը, որ Վատիկանի կողմէ Իսրայէլի մէջ քրիստոնէական սրբավայրերու պատասխանատու նշանակուած է, դիմած է իսրայէլեան կառավարութեան արդարադատական հարցերու խորհրդական Եհուտա Ֆայնշթայնին ու ընդհանուր դատախազ Շայ Նիցանին եւ պահանջած դատական հետապնդումի ենթարկել աջակողմեան «Լահպահ» կազմակերպութեան ղեկավար Պենզի Կոֆշթայնը, որ յայտարարած էր, թէ կ՛աջակցի եկեղեցիներու հրկիզման:

– «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան տարածքին յայտնուած ափրիկեցի գաղթականներու հոսքը կը սպառնայ Եւրոպական Միութեան երկիրներու ընկերային ապահովութեան համակարգին եւ կենսամակարդակին: Համընտ նաեւ ըսած է, որ Եւրոպայի մէջ սահմաններու անվտանգութեան ճգնաժամը կրնայ լուծուիլ միայն հայրենադարձման ճամբով բոլոր անոնց, որոնք իրաւունք չունին ապաստան պահանջելու:

– ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը` վկայակոչելով իր սեփական աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ բրիտանացի ժիհատականներ կը ծրագրեն Համաշխարհային Բ. պատերազմին Ճափոնի դէմ յաղթանակի 70-ամեակի նշման ձեռնարկներուն ընթացքին կատարել ականահարում մը, որուն թիրախը պիտի ըլլայ Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին: Յարձակումը նաեւ կրնայ թիրախ դարձնել այլ անձնաւորութիւններ, ինչպէս` Չարլզ իշխանը, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը եւ ուրիշներ, որոնք բոլորն ալ թագուհիին կողքին ներկայ պիտի գտնուին ձեռնարկին:

– ՍՊԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց Բրիտանիոյ այն ամբաստանութիւնները, թէ Մատրիտ սպանական եզերապահ Ժիպրալթարի շրջանային ջուրերուն նաւերու իրերայաջորդ «ներթափանցման գործողութիւններու» ճամբով բռնաբարած է իր գերիշխանութիւնը: Նախարարութիւնը նշեց. «Սպանիոյ համար այդ ջուրերը սպանական են»:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ Աւելի Քան 3 Միլիոն Մարդ Վնասուած Է «Սուտելոր» Փոթորիկէն

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.