Երէկ Պոլսոյ եւ երկրին հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ շարք մը զինեալ յարձակումներու պատճառով թրքական ապահովական մարմիններու վեց անդամներ սպաննուեցան:
Առաւօտեան ժամը 1:00-ին Պոլսոյ Սուլթանպէյլի շրջանին մէջ ոստիկանատան մը առջեւ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ: Յարձակում գործող զինեալներէն 2-ը եւ ոստիկան մը սպաննուեցան: Երեք յարկանի շէնքին, ինչպէս նաեւ մօտակայ շէնքերուն մէկ մասը փուլ եկաւ եւ հրդեհ մը ծագեցաւ:
Պայթումէն ետք խումբ մը մարդիկ քարկոծեցին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղւոյն կեդրոնատեղին, ինչ որ ընկերային ցանցերուն վրայ ենթադրութիւններ յառաջացուց, որ ՏԱՀԵՇ կը կանգնի յարձակումին ետին:
Յարձակումի ենթարկուեցաւ նաեւ Պոլսոյ Սարըյեր շրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան հիւպատոսարանը: Պոլսոյ կառավարիչին գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հիւպատոսարանին դէմ յարձակում գործողները երկու կիներ են, որոնցմէ մէկը վիրաւորուելէ ետք ձերբակալուած է: Յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Յեղափոխական ժողովուրդի փրկութեան կուսակցութիւն-ճակատը:
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Շըրնաք նահանգի Սիլոփի շրջանին մէջ թուրք չորս ոստիկաններ սպաննուեցան, երբ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներ զանոնք փոխադրող զրահապատ մեքենային դէմ ական մը պայթեցուցին:
Շըրնաքի Պէյթուշշեպափ շրջանին մէջ ՔԱԿ-ի զինեալներ կրակ բացին թրքական բանակին պատկանող «Սքորսքի» տիպի զինուորական ուղղաթիռի մը վրայ` սպաննելով զինուոր մը, որ իր պարտադիր զինուորական ծառայութեան ժամանակը աւարտելով կը վերադառնար տուն: Թրքական բանակի «Քոպրա» տիպի ուղղաթիռներ ռմբակոծեցին այն շրջանները, որոնց ուղղութեամբ փախուստ տուած էին ՔԱԿ-ի զինեալները:
Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ ՔԱԿ հրասանդներէ արձակուած ռումբերով ռմբակոծած է թրքական բանակի` Իրաքի սահմանին մօտ Շամարիլի գիւղին մէջ գտնուող դիրքերը:
ՔԱԿ-ի Յարձակումներուն Պատճառով
Թուրքիա Ներածուող Քարիւղի Ծաւալը
6,5 Առ Հարիւրով Կրճատուած Է
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի բնական հարստութեանց նախարարութիւնը յայտնած է, որ ՔԱԿ-ի զինեալներուն կողմէ Քերքուք-Եումուրթալըք քարիւղատար խողովակաշարին ականահարումէն ետք Իրաքէն Թուրքիա փոխադրուող քարիւղի ծաւալը յուլիսին նախորդ ամսուան համեմատ 6,5 առ հարիւրով կրճատուած է:
Յուլիսին Իրաքի քրտական շրջանէն Թուրքիա արտածուած է 12 միլիոն տակառ քարիւղ, իսկ Քերքուքէն` 4 միլիոն տակառ: ՔԱԿ-ի կողմէ Քերքուք-Եումուրթալըք խողովակաշարին ականահարման պատճառով խողովակաշարը 111 ժամ չէ գործած, որուն պատճառով Իրաքի ազգային քարիւղի ընկերութեան (ՍՈՄՕ) ծրագրածէն նուազ քանակութեամբ քարիւղ յանձնուած է:
ՍՈՄՕ-ի մասնագէտներուն կարծիքով` 23 յունիսէն վերսկսած թուրք-քրտական բախումները հիւսիսիրաքեան քրտական շրջանին 250 միլիոն տոլարի վնաս պատճառած են: