Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժուպէյր Եւ Լաւրով Քննարկեցին Սուրիոյ, Եմէնի Եւ ՏԱՀԵՇ-ի Վերաբերող Հարցերը

August 12, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լաւրով եւ Ժուպէյր
Լաւրով եւ Ժուպէյր

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ: Անոնք յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի Ռուսիա այցելութեան պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են: Երկու նախարարները քննարկեցին Սուրիոյ, Եմէնի, Իրաքի եւ Լիպիոյ հարցերը:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին սէուտական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ իր երկրին կեցուածքը չէ փոխուած, եւ ինք կը յուսայ, որ այդ հարցին շուրջ Ռուսիոյ հետ մերձեցում մը տեղի ունենայ: «Քննարկեցինք Սուրիոյ կացութիւնը եւ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը», ըսաւ ան` նշելով. «Այդ հարցին վերաբերեալ չէ փոխուած Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը, որ հիմնուած է «Ժընեւ-1»-ի հիմամբ խաղաղ լուծումի եւ Ասատի դերի բացառման վրայ»: Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ խնդիրին մաս կը կազմէ եւ ոչ թէ լուծումին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան պատճառը ան է:

Ժուպէյր ըսաւ, որ իր պաշտօնակիցին հետ համաձայն գտնուած է, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք է մէկ կեցուածք որդեգրէ:

Ժուպէյր դիտել տուաւ, որ իր երկիրը նախանձախնդիր է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ յոյս յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին Ռուսիա այցելութիւնը ունենայ դրական արդիւնքներ:

Լաւրով իր կարգին ըսաւ, որ Ժուպէյրի հետ քննարկած է ահաբեկչութեան դէմ, մասնաւորաբար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ջանքերը միաւորելու հարցը` աւելցնելով. «Հակառակ Սուրիոյ հարցով Ժընեւի յայտարարութեան գործադրութեան շուրջ Սէուտական Արաբիոյ հետ կարգ մը տարակարծութեանց գոյութեան, մեր կեցուածքներուն մեծամասնութիւնը իրարու համահունչ է»:

Լաւրով նաեւ յոյս յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը նպաստէ Իրանի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան սկսման:

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Սուրիոյ Հողային Ամբողջականութեան Փոփոխութեամբ Հետաքրքրուած Չէ, Այլ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարով» Կ՛ըսէ Քըրպի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.