Միջազգային

«Թուրքիան Ինքնագլուխ Կերպով Հարուածներ  Պիտի Չհասցնէ Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն»  Կ՛ըսէ Թոնըր

«Թուրքիան Ինքնագլուխ Կերպով Հարուածներ Պիտի Չհասցնէ Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն» Կ՛ըսէ Թոնըր

Մարք Թոնըր ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները համաձայնած են ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը միջազգային դաշինքի ծիրէն դուրս չհարուածելու Միացեալ Նահանգներու առաջարկին: «Մենք թրքական իշխանութիւններէն խնդրած ենք ինքնագլուխ քայլերու չձեռնարկել, որովհետեւ Թուրքիան տակաւին լիովին չէ համարկուած հակաահաբեկչական միջազգային դաշինքին, որպէսզի ապահովուի դաշինքին կողմէ օդային գործողութիւններու անվտանգութիւնը», ըսած է ան: Ըստ Թոնըրի,...

Քըլըճտարօղլու Բացայայտած Է Տաւութօղլուի Հետ  Կատարուած Բանակցութիւններուն Բովանդակութիւնը

Քըլըճտարօղլու Բացայայտած Է Տաւութօղլուի Հետ Կատարուած Բանակցութիւններուն Բովանդակութիւնը

Քեմալ Քըլըճտարօղլու Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորելու համար բանակցութիւններու արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ընդդիմութեան հետ բանակցութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ հիմա ոչ թէ համախոհական կառավարութիւն կազմել առաջարկած են, այլ խօսած են միայն փոխանցման կառավարութիւն ձեւաւորելու մասին: «Տաւութօղլու մեզի երկու առաջարկ...

«Իրաքեան Հողերու Միութեան  Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Ապտելլահեան

«Իրաքեան Հողերու Միութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Ապտելլահեան

Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի իրաքեան հողերու միութեան եւ ազգային միասնականութեան: Ան կը հակադարձէր Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի նախկին պետ Ռէյմընտ Օտիեռնոյի, որ յայտարարած էր, թէ Իրաքի ժողովուրդի բաղադրիչ տարբեր մասերուն միջեւ հաշտութիւնը հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ եւ Իրաքի` իր նախկին վիճակին վերադարձը բացառելով նշած էր, որ Իրաքի...

Կազա-Կիպրոս Ծովային Ա՞նցք

Կազա-Կիպրոս Ծովային Ա՞նցք

Պաղեստինեան աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իսրայէլ համաձայն գտնուած է Կազան Կիպրոսի կապող ծովային անցքի մը հաստատման` փոխան երկարատեւ զինադադարի մը հաստատման, որ կրնայ 7 կամ 10 տարուան վրայ երկարիլ: Իսրայէլ նաեւ համաձայն գտնուած է Կազայի շրջափակումը ամբողջական կերպով վերցնելու, սակայն կը մերժէ Կազայի միջազգային օդակայանի վերակառուցումը արտօնել: Աղբիւրները կը նշեն, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է Միջազգային...

Ապէ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Տարիներուն  Ճափոնի Արարքներուն Համար «Խոր Ցաւ» Կը Յայտնէ

Ապէ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Տարիներուն Ճափոնի Արարքներուն Համար «Խոր Ցաւ» Կը Յայտնէ

Սինցօ Ապէ «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ճափոնի վարչապետ Սինցօ Ապէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին իր երկրին յանձնուելուն 70-ամեակի առիթով արտասանած իր ճառին մէջ խոստովանած է, որ Ճափոնը «անհաշիւ վնաս եւ տառապանքներ» պատճառած է անմեղ մարդոց: Ան վեր առած է նախկին կառավարութիւններու կողմէ զղջումի արտայայտութիւններն ու ներումի հայցերը, սակայն անձնապէս ներում չէ հայցած: Ապէ ըսած է, որ պատերազմին չմասնակցած մարդոց սերունդները...

Լաթաքիան Ռմբակոծումի  Ենթարկուեցաւ

Լաթաքիան Ռմբակոծումի Ենթարկուեցաւ

Ժապհաթ Նուսրան երէկ ռմբակոծեց Լաթաքիան: Ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, հրթիռներէն մէկը ինկած է տեղւոյն միւֆթիին նստավայրին մօտ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ քանի մը մարդ վիրաւորուած է: Ռումբեր ինկած են նաեւ քաղաքային զբօսայգիին եւ Սլէյպա թաղամասին վրայ: Արաբական այլ աղբիւրի մը համաձայն, նախնական տեղեկութիւններով վիրաւորուած է 12 մարդ: Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, սուրիական օդուժը ռմբակոծած է Փալմիրի մօտ...

Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան  Բանակցութիւնները Ձախողեցան.  Թուրքիա Կ’ուղղուի  Դէպի Արտակարգ Ընտրութիւններ

Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութիւնները Ձախողեցան. Թուրքիա Կ’ուղղուի Դէպի Արտակարգ Ընտրութիւններ

Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Անցնող ընտրութիւններուն արդիւնքը քաղաքական մնացեալ կողմերուն հետ գործընկերութեան հրաւէր մըն էր մեզի: Բոլոր կուսակցութիւններուն յայտնեցինք մեր փափաքը հիմնական հարցերուն մէջ խոր տարակարծութեանց շուրջ քննարկումը ընդլայնելու»: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարը նշեց, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորելու համար մթնոլորտը պատրաստ չէ` նշելով. «Թուրք ժողովուրդը մեզի առանձին իշխելու...

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ  Ապահովական Գօտին` Երեք Ամիսէ՞Ն.  Իրան.«Պէտք Չէ Ապահովական  Գօտի Ստեղծելու Նման  Քայլերով Շրջանի Կացութիւնը  Աւելի Եւս Վատթարացնել»

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտին` Երեք Ամիսէ՞Ն. Իրան.«Պէտք Չէ Ապահովական Գօտի Ստեղծելու Նման Քայլերով Շրջանի Կացութիւնը Աւելի Եւս Վատթարացնել»

Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտին պիտի հաստատուի մօտ օրէն` երեք ամիսէն»` աւելցնելով.«Անոր մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ Հալէպի նահանգին մէջ գտնուող սահմանամերձ Ազազ քաղաքը»: Աղբիւրը շեշտեց, որ այդ ապահովական գօտիին ստեղծումը «թրքական ռազմավարական որոշում մըն է, որուն գործադրութիւնը իրողապէս սկսած է»: Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր...

Պաղտատի Մէջ Ականուած Բեռնակառքի Մը  Պայթումը Բազմաթիւ Զոհեր  Եւ Վիրաւորներ Պատճառեց

Պաղտատի Մէջ Ականուած Բեռնակառքի Մը Պայթումը Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Պատճառեց

35 քաղաքայիններ սպաննուեցան եւ աւելի քան 100 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Պաղտատի Մատինաթ Սատըր թաղամասին մէջ ականուած բեռնակառք մը պայթեցաւ: Ապահովական մարմինները անմիջապէս դէպքին վայրին շուրջ ապահովական գօտի ստեղծեցին, իսկ հիւանդատար մեքենաները վիրաւորները փոխադրեցին հիւանդանոցներ: Իրաքի նախարարաց խորհուրդը պայթումէն ետք անյայտ թուականով յետաձգեց երէկ նախատեսուած իր նիստը: Իրաքի խորհրդարանի Քրտական ազգային դաշինքի պլոքի նախագահ Ալա Թալպանի յայտնեց, որ Իրաքի մէջ ականահարումները...

Թուրքիոյ Մէջ Քրտաբնակ Եիւքսեքովան  Ինքնավարութիւն Հռչակած Է

Թուրքիոյ Մէջ Քրտաբնակ Եիւքսեքովան Ինքնավարութիւն Հռչակած Է

«Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտաբնակ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան շրջանի Շըռնաք քաղաքի ինքնավարութիւն հռչակելէն ետք, նոյն քայլին դիմած է նաեւ Եիւքսեքովա (Կեւեր) քաղաքը: Քաղաքի քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններու եւ համայնքի, ինչպէս նաեւ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Ժողովրդավարական շրջաններու կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին Ժողովրդավարական հասարակութեան խորհուրդը Եիւքսեքովան յայտարարած է պետութենէն անկախ ինքնավար քաղաք: Քաղաքի ժողովրդավարական...

Չինաստանի Մէջ Երկու Մեծ Պայթումներ

Չինաստանի Մէջ Երկու Մեծ Պայթումներ

Չինական պետական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Չինաստանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Թիանժին քաղաքի ճարտարարուեստական շրջանին մէջ դիւրավառ նիւթերու պատճառով չորեքշաբթի օր ուշ գիշերին տեղի ունեցած են երկու մեծ պայթումներ, որոնք պատճառած են 50 զոհ եւ շուրջ 700 վիրաւորներ: Չինական պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Չինաստանի նախագահ Ճին Փինկ իշխանութիւնններէն պահանջած է պայթումներուն պատճառով յառաջացած հրդեհը մարելու աճապարել, ամէն ջանք թափել փրկելու համար վիրաւորները եւ...

Զուիցերիա Ջնջեց Իրանի Դէմ  Իր Հաստատած Պատժամիջոցները

Զուիցերիա Ջնջեց Իրանի Դէմ Իր Հաստատած Պատժամիջոցները

«Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ խորհրդարանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած է, որ Զուիցերիան 13 օգոստոսէն սկսեալ կը ջնջէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, որոնց գործադրութիւնը դադրեցուած էր յունուար 2014-ին: «Հաշուի առնելով որոշիչ շրջադարձը 12 տարի առաջ բացուած թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ` 12 օգոստոս 2015-ին Դաշնակցային խորհուրդը որոշած է վերցնել Իրանի դէմ պատժամիջոցները, որոնց գործադրութիւնը դադրեցուած էր յունուար 2014-էն...Համապատասխան փոփոխութիւնները ուժի մէջ...

Ըստ Թրքական Դիւանագիտական  Աղբիւրի Մը.  Զարիֆ Յետաձգած Է  Թուրքիա Իր Այցելութիւնը

Ըստ Թրքական Դիւանագիտական Աղբիւրի Մը. Զարիֆ Յետաձգած Է Թուրքիա Իր Այցելութիւնը

Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Ճաւատ Զարիֆ յետաձգած է Թուրքիա իր այցելութիւնը` առանց Թուրքիոյ մէջ ապահովական ու քաղաքական բարդ իրավիճակի լոյսին տակ մետասաներորդ պահուն տեղի ունեցած այդ յետաձգման պատճառները բացատրելու եւ նշելով, որ ծրագիրը փոփոխութեան ենթարկուած է:

Մինչ Անգարա Կը Հաստատէ.  Ուաշինկթըն Կը Հերքէ Սուրիոյ Մէջ  Անվտանգութեան Գօտի Ստեղծելու Շուրջ  Համաձայնութեան Մը Գոյութիւնը

Մինչ Անգարա Կը Հաստատէ. Ուաշինկթըն Կը Հերքէ Սուրիոյ Մէջ Անվտանգութեան Գօտի Ստեղծելու Շուրջ Համաձայնութեան Մը Գոյութիւնը

Մարք Թոնըր «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ Ինճիրլիք օդուժի ռազմակայանի օգտագործման մասին համաձայնութեան մէջ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու մասին խօսք չկայ: «Համաձայնութեան մէջ գլխաւոր ուշադրութիւնը կը յատկացուի թրքական ռազմակայանին, այնտեղ խօսք չկայ գօտիի մասին: Մենք համաձայնած ենք Սուրիոյ հիւսիսը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու ոչնչացման ուղղութեամբ...

«Թուրքիոյ Դէմ Նիւթուող Բոլոր Դաւերը Ձախողութեան Պիտի Մատնենք»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիոյ Դէմ Նիւթուող Բոլոր Դաւերը Ձախողութեան Պիտի Մատնենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիան անցնող տարիներուն շարք մը դաւադրութեանց ենթարկուած է: Ըստ անոր, «ահաբեկչական կազմակերպութիւնները շահագործած են ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած բացը»: «Թուրքիոյ դէմ նիւթուող բոլոր դաւերը ձախողութեան պիտի մատնենք», շեշտեց Էրտողան` աւելցնելով. «Երկրին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցող կողմեր կան»: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիոյ կողմէ...

Դամասկոսի Մէջ «Ազդակ»-ի  Աշխատակիցը Կը Հաղորդէ.  Երէկ Կանուխ Առաւօտուն Դամասկոսի Մէջ  Տարբեր Շրջաններ Ռմբակոծուած Են

Դամասկոսի Մէջ «Ազդակ»-ի Աշխատակիցը Կը Հաղորդէ. Երէկ Կանուխ Առաւօտուն Դամասկոսի Մէջ Տարբեր Շրջաններ Ռմբակոծուած Են

Երէկ «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ հրասանդներէ արձակուած բազմաթիւ ռումբեր ինկած են Դամասկոսի Օմայատներու հրապարակին մօտ գտնուող շրջանին մէջ: «Ազդակ» կապ հաստատեց Դամասկոսի մէջ իր աշխատակիցին հետ, որ հաղորդեց, թէ երէկ կանուխ առաւօտուն Ժոպար եւ Զամալքա շրջաններէն արձակուած 30 ռումբեր ինկած են Օմայատներու հրապարակի, Ատաուիի, Պաղտատի եւ Զապլաթանիի շրջաններուն վրայ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած ռմբակոծման պատճառով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:...

Զապատանիի Մէջ 48 Ժամուան Զինադադար

Զապատանիի Մէջ 48 Ժամուան Զինադադար

Ըստ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին, Դամասկոսի գիւղական շրջաններ Զապատանիի, Մատայայի ու Պաքինի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններ Քեֆրայայի ու Ֆուհայի շրջաններուն մէջ Հըզպալլայի եւ Ահրար Շամի միջեւ գոյացած է 48 ժամուան զինադադար մը` առիթ տալու համար բանակցութիւններուն, որոնք կ՛ընթանան 2 կէտերու` Ահրար Շամի զինեալներու Զապատանիէն հեռացման արտօնման եւ Քեֆրայայի ու Ֆուհայի սննդեղէնի մատակարարման շուրջ: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, զինադադարը երկարաձգուած է 24...

Քերրին Բացատրած Է Իրանի Հետ  Համաձայնութեան  Եւ Ուքրանական Տագնապին Միջեւ Կապը

Քերրին Բացատրած Է Իրանի Հետ Համաձայնութեան Եւ Ուքրանական Տագնապին Միջեւ Կապը

Ճոն Քերրի ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ Իրանի հետ հիւլէական ծրագիրի շուրջ համաձայնութենէն Միացեալ Նահանգներու հրաժարիլը կրնայ պատճառ դառնալ, որ Եւրոպական Միութիւնն ու այլ գործընկերներ դադրին Ուքրանիոյ հարցին մէջ Ուաշինկթընի դիրքորոշումին աջակցելէ: «Եթէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ համաձայնագիրէն հրաժարին, Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները ատիկա պիտի ընկալեն իբրեւ ազդանշան, որ անոնց արտօնութիւն կու...

Յունաստան-Վարկատուներ  Համաձայնութիւն

Յունաստան-Վարկատուներ Համաձայնութիւն

Պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Յունաստան եւ անոր միջազգային վարկատուները երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք, ելեւմտական օժանդակութեան շուրջ գոյացուցին համաձայնութիւն մը` յառաջացնելով այն յոյսը, որ քանի մը օր ետք նախատեսուած պարտքի վճարման ժամկէտէն առաջ գումարը կրնայ փոխանցուիլ Յունաստանի: 10 օգոստոսի կէսօրէն ետք սկիզբ առած 23 ժամ տեւողութեամբ բանակցութենէն ետք ուժասպառ յոյն պաշտօնատարներ կեդրոնական Աթէնքի պանդոկէ մը դուրս գալով յայտարարեցին, որ երկու...

Ճափոնի Մէջ Գործարկուած Է  «Սենտայ» Հիւլէական Կայանը

Ճափոնի Մէջ Գործարկուած Է «Սենտայ» Հիւլէական Կայանը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ 2011-ի գարնան «Ֆուքուշիմա 1» հիւլէական ելեկտրակայանին մէջ տեղի ունեցած աղէտէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հիւլէական կայանի աշխատանքը կը վերսկսի: 11 օգոստոսի լուսցող գիշերը սկսած է գործել «Սենտայ» հիւլէական կայանը: Կայանին առաջին հնոցը ելեկտրականութիւն պիտի սկսի արտադրել 14 օգոստոսին, եւ այդ արտադրութիւնը լիակատար հզօրութեան պիտի հասցուի սեպտեմբերին: «Սենտայ»-ի երկրորդ հնոցը վերստին գործելու պիտի սկսի հոկտեմբերին: Ընդհանուր առմամբ...

Page 840 of 882 1 … 839 840 841 … 882

Արխիւներ