Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթըն Սուրիոյ Հողային Ամբողջականութեան Փոփոխութեամբ Հետաքրքրուած Չէ, Այլ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարով» Կ՛ըսէ Քըրպի

August 12, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Քըրպի
Ճոն Քըրպի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի հերթական մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ միջազգային դաշնակից ուժերուն նպատակը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարիլն է եւ ոչ թէ երկրին «հողային ամբողջականութիւնը փոխելը»:

«Բոլորը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքին վրայ կեդրոնացած են, եւ Թուրքիան եւս յայտնած է, թէ իր ջանքը կը կեդրոնացնէ ատոր վրայ: Կը շարունակենք անոնց (Թուրքիոյ ղեկավարներուն, «Ա.») հետ քննարկել շրջանին մէջ անվտանգութիւնը բարելաւելու լաւագոյն ձեւերը եւ հասարակաց նպատակ մը իրագործելը: Նաեւ շատ յստակ ըսած ենք, թէ չենք հետաքրքրուած կատարելու բան մը, որ կրնայ փոխել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը», ըսաւ Քըրպի:

Քըրպի նաեւ ըսաւ, որ թէեւ սուրիացի քիւրտերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւին մէջ իրենց ազդուութիւնը փաստած են` սակայն իրենց սեփական ազգ-պետութիւնը հիմնելու հարցով Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւն մը բացառուած է:

«Դաշնակից ուժերուն մօտ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը փոխող որեւէ բան կատարելու նկատմամբ որեւէ աջակցութիւն գոյութիւն չունի: Ատիկա յստակ դարձուցած ենք», ընդգծեց ան:

Քըրպի նաեւ խօսեցաւ ՔԱԿ-ի յարձակումներուն մասին` վերահաստատելով ինքնապաշտպանութեան դիմելու Թուրքիոյ իրաւունքը եւ քրտական հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը:

«Այս մասին նախապէս խօսած ենք` ճանչնալով ահաբեկչական յարձակումներէն ինքզինք պաշտպանելու Թուրքիոյ իրաւունքը: Աւելցնեմ, որ կը շարունակենք ՔԱԿ-ին կոչ ուղղել, որ իր յարձակումները դադրեցնէ, վերադառնայ քաղաքական հոլովոյթի: Յստակ դարձուցինք, որ մեր սպասումն է, որ Թուրքիան անհրաժեշտ քայլերը առնէ որեւէ քաղաքային զոհ կանխարգիլելու համար եւ պիտի վարուի ըստ միջազգային մարդասիրական օրէնքի», ըսաւ ան:

Քըրպի շեշտեց, որ Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւը չ՛օգտագործեր Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալները հարուածելու, այլ կը հակադարձէ Թուրքիոյ մէջ ՔԱԿ-ի յարձակումներուն:

 

Նախորդը

Շըռնաքի Ժողովրդային Խորհրդարանը Ինքնավարութիւն Յայտարարեց

Յաջորդը

Ժուպէյր Եւ Լաւրով Քննարկեցին Սուրիոյ, Եմէնի Եւ ՏԱՀԵՇ-ի Վերաբերող Հարցերը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.