Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քորսիքայի Անկախութեան Կողմնակիցները Պիտի Պայքարին Կղզիին Մէջ Իշխանութեան Հասնելու Համար

Օգոստոս 11, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժան Կի Թալամոնի
Ժան Կի Թալամոնի

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ «Ազատ Քորսիքա» քաղաքական կուսակցութեան ղեկավար եւ շրջանային օրէնսդրական ժողովի երեսփոխան Ժան Կի Թալամոնի, Քորսիքայի Քորթէ քաղաքին մէջ անկախութեան համար պայքարող եւրոպական շարժումներու տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Քորսիքայի անկախութեան կողմնակիցները իրենց գաղափարներուն նկատմամբ լայն աջակցութիւն կը զգան ընտրողներու շրջանակին մէջ եւ մտադիր են լրջօրէն պայքարիլ կղզիին մէջ իշխանութեան հասնելու համար:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թալամոնի ըսած է. «Մենք շահած ենք 40 տարի առաջ սկսած պայքարը: Մեր գաղափարները կ՛իշխեն քորսիքական հասարակութեան մէջ եւ նոյնիսկ կղզիի քաղաքական դասի շրջանակին մէջ»:

Թալամոնի յիշեցուցած է, որ 2010-էն սկսեալ Քորսիքայի օրէնսդիր ժողովը, որուն մէջ մեծամասնութիւնը կը պատկանի ձախակողմեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, հետեւողականօրէն քուէարկած է կղզիի ինքնավարութեան գաղափարներով ոգեշնչուած օրէնքներու օգտին: Մասնաւորաբար, վերջին տարիներուն քորսիքերէնը կղզիին մէջ ստացած է երկրորդ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ, որուն համար տեղւոյն ազգայնականները կը պայքարէին քանի մը տասնամեակներէ ի վեր:

Բացի ատկէ, Քորսիքայի օրէնսդիր ժողովին որոշումով հարկային բարեփոխում կատարուած է` ի շահ տեղական պիւտճէին: Նաեւ որոշում որդեգրուած է Քորսիքայի երկու բաժիններուն մէկ վարչատարածքային միաւորման մէջ միաձուլելու մասին:

Ատոր հետ միատեղ թուարկուած օրէնսդրական նախաձեռնութիւններէն միայն վերջինը հաւանութեան արժանացած է հանրապետութեան կառավարութեան մակարդակով: Հակառակ ատոր, Թալամոնիի համոզումով, ընթացքը կը վկայէ այն մասին, որ Քորսիքայի անկախութեան գաղափարը խորապէս արմատացած է թէ՛ ընտրողներուն, թէ՛ ալ տեղւոյն քաղաքական գործիչներուն գիտակցութեան մէջ: Այսպիսով, կղզիի անկախութեան կողմնակիցներուն առջեւ նոր հեռանկարներ կը բացուին իշխանութեան շրջանային մարմիններու` այս տարուան վերջաւորութեան տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ընթացքին:

Քորսիքան երկար տասնամեակներէ ի վեր կը մնայ Ֆրանսայի մէջ անջատողականութեան գլխաւոր կեդրոններէն մէկը: Միջերկրական ծովու այս կղզին Ֆրանսայի կազմին մէջ կը գտնուի 1768-էն ի վեր, երբ զայն Ֆրանսայի թագաւորութեան յանձնեց Ճենովայի հանրապետութիւնը` ի հաշիւ Փարիզի նկատմամբ պարտքերու վճարման:

 

Նախորդը

Չինաստանի Մէջ Աւելի Քան 3 Միլիոն Մարդ Վնասուած Է «Սուտելոր» Փոթորիկէն

Յաջորդը

Վաղը Պիտի Բացուին Սահմանները` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Եւ Խըրխըզիստանի Միջեւ

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?