Միջազգային

Ըստ Գերմանիոյ  Ներքին Գործոց Նախարարին.  Շենկենեան Համաձայնագիրը  Վտանգի Տակ Է

Ըստ Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարին. Շենկենեան Համաձայնագիրը Վտանգի Տակ Է

Թոմա տէ Մայցիրէ Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմա տէ Մայցիրէ «Պի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին  յայտնած է, որ Շենկենի համաձայնագիրը վտանգուած է: Ըստ Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարին, վտանգ կը ներկայացնեն այն երկիրները, որոնք չեն հետեւիր գաղթի կանոններուն եւ կը հրաժարին ապաստան տրամադրելու վերաբերեալ դիմումներու քննարկման պատասխանատուութենէն: «Եթէ ոչ մէկը կը հետեւի կանոններուն, ուրեմն Շենկենը վտանգի տակ է, այդ...

«Ռուսիան Շատ, Շատ Մեծ Սպառնալիք Է»  Կ՛ըսէ Քարթըր

«Ռուսիան Շատ, Շատ Մեծ Սպառնալիք Է» Կ՛ըսէ Քարթըր

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Տը Հիլ» հրատարակութեան, կը հաղորդէ, որ Փենթակոնի ղեկավար Աշթըն Քարթըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ռուսիան նկատած է «շատ, շատ մեծ սպառնալիք»: Ըստ անոր, Ռուսիան կը սպառնայ Միացեալ Նահանգներու գոյութեան «պարզապէս իր չափերուն պատճառով եւ այն հիւլէական զինանոցով, որ ան ունի»: Ան նաեւ «փութինեան Ռուսիան» մեղադրած է Միացեալ Նահանգներու իբրեւ հակառակորդ գործելուն համար, երբ Ուաշինկթըն պաղ պատերազմի աւարտէն...

Թուրքիա «Պի.Պի.Սի.»-ն Կ՛ամբաստանէ  «Բացայայտօրէն Ահաբեկչութեան  Աջակցելու» Յանցանքով

Թուրքիա «Պի.Պի.Սի.»-ն Կ՛ամբաստանէ «Բացայայտօրէն Ահաբեկչութեան Աջակցելու» Յանցանքով

Մեւլութ Չաւուշօղլու Թուրքիա «Պի.Պի.Սի.»-ն ամբաստանեց 20 օգոստոսին պատկերասփռման մը ընթացքին ՔԱԿ-ի «գրաւոր եւ տեսողական քարոզչութիւն» կատարելով «բացայայտօրէն ահաբեկչութեան աջակցելու» յանցանքով: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 21 օգոստոսին յայտնեց.«Բազմաթիւ երկիրներու, մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան երկիրներուն կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուած կազմակերպութեան մը մասին այսպիսի պատկերասփռումները ահաբեկչութեան բացայայտ աջակցութիւն են»: Նախարարութիւնը նշած է, որ պատկերասփռումը, որ ՔԱԿ-ը ներկայացուցած է իբրեւ «անմեղ կազմակերպութիւն մը, որ կը...

Թուրքիան Կրնայ Եւրասիական  Զարգացման Դրամատան Անդամ Դառնալ

Թուրքիան Կրնայ Եւրասիական Զարգացման Դրամատան Անդամ Դառնալ

Եւրասիական զարգացման դրամատունը կրնայ ընդլայնել մասնակից պետութիւններուն թիւը` հրաւիրելով Ճափոնը, Հարաւային Քորէան, Թուրքիան եւ Վիեթնամը: Այդպիսի առաջարկ կատարուած է Եւրասիական զարգացման դրամատան խորհուրդի նախագահ, Ղազախստանի վարչապետ Քարիմ Մասիմովի նամակին մէջ, որ ուղղուած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւին: Այդ մասին «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած է փաստաթուղթին բովանդակութեան ծանօթ աղբիւր մը: Ըստ աղբիւրին, նամակին մէջ նաեւ կ՛առաջարկուի դրամատան դրամագլուխի յաւելման եւ փոխառութիւններու ներգրաւման ընդլայնման...

Իսրայէլ Դարձեալ Հարուածեց Կոլանը

Իսրայէլ Դարձեալ Հարուածեց Կոլանը

Սուրիոյ բանակը յայտարարեց, որ 5 զոհ արձանագրուած է, երբ իսրայէլեան օդուժը Կոլանի մէջ հարուածած է քաղաքային ինքնաշարժ մը: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ զոհերը կը պատկանին բջիջի մը, որ մէկ օր առաջ Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումը գործադրած է: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ յարձակումի թիրախ դարձած ինքնաշարժը կը գտնուէր Իսրայէլի հետ սահմանէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Մէկ օր առաջ անծանօթներ Խան Առնապէ գիւղի...

Էրտողան Կը Ծրագրէ Թուրքիոյ Արտակարգ  Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Կատարել 1 Նոյեմբերին

Էրտողան Կը Ծրագրէ Թուրքիոյ Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Կատարել 1 Նոյեմբերին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ կը փափաքի երկրին մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարել 1 նոյեմբերին: Էրտողան երէկ` 23 օգոստոսին սահմանադրութեան կողմէ ճշդուած նոր կառավարութեան մը կազմութեան համար 45 օրերու պայմանաժամի աւարտէն երկու օր առաջ լրագրողներու յայտնեց. «45 օրերու աւարտին խորհրդարանի նախագահին հետ անգամ մը եւս հանդիպում պիտի ունենամ, ապա մեր երկիրը պիտի առաջնորդենք արտակարգ ընտրութիւններու` յուսալով լաւագոյնին»: «Այս...

Ուաշինկթըն Բաւարար Չի Նկատեր  ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին  Թուրքիոյ Աջակցութիւնը

Ուաշինկթըն Բաւարար Չի Նկատեր ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Թուրքիոյ Աջակցութիւնը

Աշթըն Քարթըր Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Աշթըն Քարթըր յայտնեց, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ աւելին պէտք է ընէ: Ան գնահատեց Թուրքիոյ կողմէ ամերիկեան կործանիչներուն իր ռազմակայանները օգտագործելու վերջերս տուած արտօնութիւնը, սակայն աւելցուց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան ղեկավարները Անգարայի հետ «աշխուժ քննարկումներ» կը կատարեն` իսլամական զինեալներուն Թուրքիոյ սահմանէն Իրաք եւ Սուրիա ներթափանցման արգելակումը բարելաւելու կարիքին շուրջ: «Ասիկա պէտք է կատարուի: Արդէն...

ՔԱԿ Տէրսիմ Նահանգը Ինքնավար  Մարզ Յայտարարեց

ՔԱԿ Տէրսիմ Նահանգը Ինքնավար Մարզ Յայտարարեց

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) արդէն 5 օր է` Թուրքիոյ  Տէրսիմ նահանգը ինքնավար մարզ յայտարարած է: Այս մասին կը գրէ թրքական «Հապերլեր» կայքը: Թրքական կայքին փոխանցումով` ՔԱԿ-ի զինեալները փակած են  նահանգի երկու կարեւորագոյն ճամբաները եւ ստուգումներ կը կատարեն: Աղբիւրը կը յայտնէ, որ ճամբաները հսկող զինեալները  կը քննեն անցնող բոլոր ինքնաշարժները եւ այդ ճամբաներէն անցնող մարդոց անձնագիրները:  

ՏԱՀԵՇ Քարիաթէյն Գիւղին Մէջ Քանդած Է  Վանք Մը Եւ 230 Քաղաքացիներ Առեւանգած

ՏԱՀԵՇ Քարիաթէյն Գիւղին Մէջ Քանդած Է Վանք Մը Եւ 230 Քաղաքացիներ Առեւանգած

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Սուրիոյ Հոմս նահանգի Քարիաթէյն գիւղին մէջ վանք մը քանդած են: Անոնք այս ամսուան ընթացքին գրաւած էին գիւղը: Դիտարանը նաեւ կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ գիւղը գրաւելէ ետք առեւանգած է 230 քաղաքացիներ, ներառեալ` տասնեակներով քրիստոնեաներ: ՏԱՀԵՇ վերջիններս փոխադրած է հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մօտ վայր մը: Դիտարանը կը նշէ, որ զինեալներ...

Թեհրանի Մէջ Պիտի Վերաբացուի Բրիտանիոյ  Դեսպանատունը,  Իսկ Լոնտոնի Մէջ` Իրանի Դեսպանատունը

Թեհրանի Մէջ Պիտի Վերաբացուի Բրիտանիոյ Դեսպանատունը, Իսկ Լոնտոնի Մէջ` Իրանի Դեսպանատունը

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Թեհրանի մէջ պիտի վերաբացուի Բրիտանիոյ դեսպանատունը: Այդ առիթով Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ պիտի այցելէ Իրան: Ատիկա անցնող 12 տարուան ընթացքին Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի մը առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ իսլամական հանրապետութիւն: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ դեսպանատան վերաբացումը կը սպասուի այս շաբաթավերջին: Միեւնոյն ժամանակ Լոնտոնի մէջ պիտի վերաբացուի Իրանի իսլամական հանրապետութեան դեսպանատունը:...

Եգիպտոսի Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը  Դամասկոսի Հետ Գործակցութիւնը  Կարելի Կը Նկատէ

Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դամասկոսի Հետ Գործակցութիւնը Կարելի Կը Նկատէ

Ահմետ Պուզէյտ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` մեկնաբանելով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի քանի մը օր առաջ Դամասկոս այցելած եգիպտացի լրագրողներու պատուիրակութեան մը առջեւ կատարած եւ եգիպտական պետական «Ահրամ» ու «Ախպար» օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսած յայտարարութիւնը, յայտնեց, որ Գահիրէի եւ Դամասկոսի միջեւ գործակցութեան կարելիութիւն գոյութիւն ունի: Մոալլեմ յայտնած էր, որ Գահիրէի եւ Դամասկոսի միջեւ ապահովական գետնի վրայ գործակցութիւն գոյութիւն ունի,...

Օպամա Քոնկրեսի Անդամներուն Յղած Է  Իրանի Հետ Համաձայնութեան  Վերաբերող Նամակ Մը

Օպամա Քոնկրեսի Անդամներուն Յղած Է Իրանի Հետ Համաձայնութեան Վերաբերող Նամակ Մը

Պարաք Օպամա Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նամակ յղած է քոնկրեսի անդամներուն` զանոնք համոզելու համար, որ անոնք աջակցին Իրանի հետ վերջինիս հիւլէական թղթածրարին շուրջ կնքուած համաձայնութեան: Դեմոկրատական քոնկրեսական Ճերըլտ Նատլըրին յղուած նամակին մէջ Օպամա գրած է, որ համաձայնութիւնը լաւ է, իսկ Ուաշինկթըն Իսրայէլի հետ իր ապահովական գործակցութիւնը կ՛ամրապնդէ եւ պիտի պահպանէ կարողութիւնը Իրանը պատժելու, եթէ վերջինս...

Միացեալ Նահանգներ Աւստրալիոյ  Կոչ Ուղղեցին Միանալու  Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին

Միացեալ Նահանգներ Աւստրալիոյ Կոչ Ուղղեցին Միանալու Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին

Միացեալ Նահանգներ Աւստրալիոյ կոչ ուղղեցին` միանալու Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին: Այդ դիմումը փոխանցուած է Ուաշինկթընի մէջ Աւստրալիոյ դեսպանութեան: Ներկայիս աւստրալիական օդուժէն շուրջ 400 զինուորներ հարուածներ կը հասցնեն ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն միայն Իրաքի մէջ: Աւստրալիան իր կարգին յայտարարած է, որ կ՛ուսումնասիրէ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական խնդրանքը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու վերաբերեալ: Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի...

Յունաստանի Նախագահը Ընդդիմութեան  Ղեկավարը Կը Լիազօրէ  Կառավարութիւն Կազմելու

Յունաստանի Նախագահը Ընդդիմութեան Ղեկավարը Կը Լիազօրէ Կառավարութիւն Կազմելու

Նախագահ Փրոքոպիս Փաւլոփուլոս «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ալեքսիս Ցիփրասի` վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելէն ետք, Յունաստանի Նոր ժողովրդավարութիւն գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Վանկելիս Մէյմարաքիս երկրի նախագահ Փրոքոպիս Փաւլոփուլոսէն կառավարութիւն ձեւաւորելու լիազօրութիւն ստացած է: «Նախագահին հետ հանդիպումէն ետք ես բանակցութիւններ պիտի վարեմ խորհրդարանական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ` քննարկելու համար գոյութիւն ունեցող խորհրդարանի ծիրին մէջ կառավարութիւն ձեւաւորելու կարելիութիւնը», նշած է ան` աւելցնելով. «Ընտրութիւնները կործանարար պիտի...

Հիւսիսային Քորէա Բանակը Կը Դնէ  «Պատերազմական Վիճակ»-ի Մէջ.  Սէուլ Փիոնկիանկի Կը Սպառնայ  «Անխնայ Հատուցմամբ»

Հիւսիսային Քորէա Բանակը Կը Դնէ «Պատերազմական Վիճակ»-ի Մէջ. Սէուլ Փիոնկիանկի Կը Սպառնայ «Անխնայ Հատուցմամբ»

«Ռիոնհապ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Սէուլ կացութեան հետագայ սրումին պարագային պիտի պատասխանէ Հիւսիսային Քորէայի բոլոր սադրանքներուն: Փիոնկիանկի ուղղուած հեռագիրին մէջ Սէուլ կը նշէ, որ «անխնայ հատուցմամբ պիտի պատասխանէ Հիւսիսային Քորէայի որեւէ յարձակումի, եւ Հիւսիսը ստիպուած պիտի ըլլայ ստանձնել ատոր պատասխանատուութիւնը»: Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարար Հան Մին Կու զինեալ ուժերուն հրամայած...

Իսրայէլ Հարուածած Է  Սուրիական Քունայթրա Քաղաքը

Իսրայէլ Հարուածած Է Սուրիական Քունայթրա Քաղաքը

Սուրիոյ պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ իսրայէլեան օդուժի ռմբաձիգները երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին յարձակում գործած են Քունայթրայի վրայ` թիրախ ունենալով քաղաքապետարանի շէնքն ու փոխադրութեան հարցերու տնօրէնութեան շէնքը: Ոչ պաշտօնական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ իսրայէլեան օդուժի ռմբաձիգները հարուածած են Քունայթրայի Պաաս շրջանը, որ սուրիական բանակի միջնաբերդերէն մէկը կը նկատուի: Ըստ պաշտօնական տեղեկութիւններու, մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Յունաստանի Վարչապետը  Հրաժարական Տուաւ

Յունաստանի Վարչապետը Հրաժարական Տուաւ

Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս հրաժարական ներկայացուցած է: Ան յունական պատկերասփիւռի կայանէն ըսած է, որ յայտարարութենէն ետք իր եւ կառավարութեան հրաժարականը պիտի ներկայացնէ երկիրի նախագահին: ԱՖՓ-ի փոխանցումով` հրաժարական ներկայացնելուն զուգահեռ, Ցիփրաս հանդէս եկած է նաեւ նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու կոչով: Աւելի ուշ լրատուամիջոցները յայտնած էին, թէ այդ ընտրութիւններուն կազմակերպումը կը նախատեսուի 20 սեպտեմբերին:

Թուրքիոյ Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը  Կ՛առաջարկէ Խորհրդարանական Արտակարգ  Ընտրութիւնները Կատարել 1 Նոյեմբերին

Թուրքիոյ Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը Կ՛առաջարկէ Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւնները Կատարել 1 Նոյեմբերին

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը կ՛առաջարկէ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները կատարել 1 նոյեմբերին: Ըստ յանձնախումբին պատրաստած օրացոյցին, ընտրութիւններուն պատրաստութիւնները կարելի է ամբողջացնել 60 օրէն: Յանձնախումբը օրացոյցը ներկայացուցած է խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններուն, որոնց հետ խորհրդակցութիւններէ ետք պիտի վերջնականացնէ անոր մանրամասնութիւնները եւ ճշդէ ճշգրիտ թուականը: Այս շաբթուան սկիզբը յանձնախումբը յայտարարած էր, որ կառավարութեան ձեւաւորման ձախողութեան պարագային իրաւասութիւնը ունի նոր...

Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ  Փոխադարձ Հասկացողութեան Փաստաթուղթ

Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ Հասկացողութեան Փաստաթուղթ

Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն գոյացուցած են սուրիական Ժարապլուս եւ Մարէ քաղաքներուն միջեւ երկարող տարածքը մաքրելու ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութենէն եւ պահպանելու, ապա զայն Սուրիական ազատ բանակին յանձնելու: Ըստ համաձայնութեան, որուն մանրամասնութեանց ծանօթացած է «Հիւրրիյէթ»-ը, երկու երկիրները ստորագրած են փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը եւ աշխատանք կը տանին զինուորական գործողութեան մը ծրագիրին վրայ, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Որդեգրած Է  Յունաստանին Օգնելու Ծրագիրը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Որդեգրած Է Յունաստանին Օգնելու Ծրագիրը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Վալտիս Տոմպրովսքիս «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը որդեգրած է Յունաստանի ելեւմտական օգնութեան երկրորդ ծրագիրը, որ կը նախատեսէ Աթէնքին տրամադրել 86 միլիառ եւրօ: Փոխըմբռնումի մասին յուշագիրը, որ կ՛ամրագրէ վարկերու յատկացման պայմանները, ստորագրած է ինք: Աթէնք Եւրոպայի կայունացման մեքանիզմի 13 միլիառ եւրօ չափով առաջին վարկաբաժինը ստացաւ երէկ: Ըստ «Պլումպըրկ» գործակալութեան, յաւելեալ...

Page 837 of 882 1 … 836 837 838 … 882

Արխիւներ