Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Դարձեալ Հարուածեց Կոլանը

August 22, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

F-16_8-21-15

Սուրիոյ բանակը յայտարարեց, որ 5 զոհ արձանագրուած է, երբ իսրայէլեան օդուժը Կոլանի մէջ հարուածած է քաղաքային ինքնաշարժ մը: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ զոհերը կը պատկանին բջիջի մը, որ մէկ օր առաջ Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումը գործադրած է:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ յարձակումի թիրախ դարձած ինքնաշարժը կը գտնուէր Իսրայէլի հետ սահմանէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Մէկ օր առաջ անծանօթներ Խան Առնապէ գիւղի մերձակայքէն «Կրատ» տիպի չորս հրթիռներ արձակած էին բռնագրաւեալ հողերուն ուղղութեամբ, որուն իբրեւ հակադարձութիւն իսրայէլեան բանակը հարուածած էր շարք մը թիրախներ, ներառեալ` Քունայթրայի նահանգապետարանը եւ Սուրիոյ բանակի 90-րդ զօրամասի հրամանատարութեան կեդրոնի մերձակայքը: Իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով վիրաւորուած էին սուրիացի 2 զինուորներ եւ ոչնչացուած էր հրետանի մը:

Իսրայէլեան բանակը հրթիռարձակման համար պատասխանատու նկատեց Սուրիան` նշելով, որ վերջինս պիտի կրէ այդ արարքին հետեւանքները: Իսրայէլեան բանակի բանբերը պաղեստինեան Ժիհատ Իսլամի շարժումը ամբաստանեց հրթիռարձակումը կատարելու յանցանքով: Սակայն շարժումը կտրուկ կերպով հերքեց իսրայէլեան ամբաստանութիւնը:

Իսրայէլեան բանակէն բարձրաստիճան սպայ մը իսրայէլեան «Ուալահ» կայքին յայտնեց, որ հրթիռարձակումը կատարուած է իրանցի սպայի մը ցուցմունքով:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին նշեց. «Իրանին մերձեցող երկիրները պէտք է տեսնեն, որ իրանցի սպայ մըն է, որ Սուրիայէն դէպի Իսրայէլ հրթիռարձակումը ծրագրած է»:

Ան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ «մենք թիրախ կը դարձնենք բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն մեզ թիրախ դարձնել»` աւելցնելով. «Իսրայէլ նպատակ չունի կացութիւնը մագլցումի մղել, սակայն անոր քաղաքականութիւնը հաստատ է»:

Նեթանիահու յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը հարուածած է հրթիռարձակումը կատարած բջիջը եւ զայն արտօնած սուրիական ուժերը:

Յիշեցնենք, որ Նեթանիահու եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն երեքշաբթի օր այցելած էին Իսրայէլի հիւսիսային ճակատ:

Նախորդը

Էրտողան Կը Ծրագրէ Թուրքիոյ Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Կատարել 1 Նոյեմբերին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.