Սուրիոյ պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ իսրայէլեան օդուժի ռմբաձիգները երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին յարձակում գործած են Քունայթրայի վրայ` թիրախ ունենալով քաղաքապետարանի շէնքն ու փոխադրութեան հարցերու տնօրէնութեան շէնքը:
Ոչ պաշտօնական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ իսրայէլեան օդուժի ռմբաձիգները հարուածած են Քունայթրայի Պաաս շրջանը, որ սուրիական բանակի միջնաբերդերէն մէկը կը նկատուի: Ըստ պաշտօնական տեղեկութիւններու, մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: