Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս հրաժարական ներկայացուցած է: Ան յունական պատկերասփիւռի կայանէն ըսած է, որ յայտարարութենէն ետք իր եւ կառավարութեան հրաժարականը պիտի ներկայացնէ երկիրի նախագահին:
ԱՖՓ-ի փոխանցումով` հրաժարական ներկայացնելուն զուգահեռ, Ցիփրաս հանդէս եկած է նաեւ նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու կոչով:
Աւելի ուշ լրատուամիջոցները յայտնած էին, թէ այդ ընտրութիւններուն կազմակերպումը կը նախատեսուի 20 սեպտեմբերին: