Ճափոնի Եւ Միացեալ Նահանգներու Ղեկավարները Քննարկած Են Աշխարհի Սակարաններու Կացութիւնը
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ճափոնի կառավարութեան բանբեր Եոսիհիտէ Սուկա Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ճափոնի վարչապետ Սինցօ Ապէ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են համաշխարհային ելեւմտական շուկային վիճակը եւ Քորէական թերակղզիի վրայ տիրող կացութիւնը: Ապէ եւ Օպամա համաձայնած են սերտօրէն համագործակցիլ աշխարհի շուկաներուն մէջ...




















