Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա «Պի.Պի.Սի.»-ն Կ՛ամբաստանէ «Բացայայտօրէն Ահաբեկչութեան Աջակցելու» Յանցանքով

August 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեւլութ Չաւուշօղլու
Մեւլութ Չաւուշօղլու

Թուրքիա «Պի.Պի.Սի.»-ն ամբաստանեց 20 օգոստոսին պատկերասփռման մը ընթացքին ՔԱԿ-ի «գրաւոր եւ տեսողական քարոզչութիւն» կատարելով «բացայայտօրէն ահաբեկչութեան աջակցելու» յանցանքով:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 21 օգոստոսին յայտնեց.«Բազմաթիւ երկիրներու, մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան երկիրներուն կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուած կազմակերպութեան մը մասին այսպիսի պատկերասփռումները ահաբեկչութեան բացայայտ աջակցութիւն են»:

Նախարարութիւնը նշած է, որ պատկերասփռումը, որ ՔԱԿ-ը ներկայացուցած է իբրեւ «անմեղ կազմակերպութիւն մը, որ կը պայքարի մէկ այլ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ եւ (մարդիկ) կը քաջալերէ միանալու ՔԱԿ-ի, բացարձակապէս անընդունելի է»:

«Կը սպասենք, որ «Պի.Պի.Սի.»-ն վերջերս Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ ոստիկանատան մը դէմ ռումբով յարձակում գործած ԻՐԱ-ի (Իրլանտայի հանրապետական բանակ, «Ա.») նկատմամբ կիրարկած սփռումի քաղաքականութիւնը կիրարկէ նաեւ ՔԱԿ-ի ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագային», ըսաւ նախարարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ 2005-ին օրին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Պի.Պի.Սի.»-ն եւ «Ռոյթըրզ»-ը քննադատած էր ՔԱԿ-ի անդամները իբրեւ զինեալներ եւ հրոսակներ ներկայացնելնուն համար: Օրին «Պի.Պի.Սի.» նշեց, որ կը նախընտրէ «ականահարողներ, յարձակում գործողներ, զէնք բարձրացնողներ, առեւանգեալներ, ըմբոստներ եւ զինեալներ»- ու նման ածականներ օգտագործել` աւելցնելով, որ ԻՐԱ-ի պարագային եւս կը զգուշանայ «ահաբեկիչ» եզրէն` Իրլանտայի մէջ կաթողիկէներուն մօտ հակազդեցութիւն չյառաջացնելու համար:

 

Նախորդը

Թուրքիան Կրնայ Եւրասիական Զարգացման Դրամատան Անդամ Դառնալ

Յաջորդը

«Ռուսիան Շատ, Շատ Մեծ Սպառնալիք Է» Կ՛ըսէ Քարթըր

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.