Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ Հասկացողութեան Փաստաթուղթ

August 21, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Incirlik_8-20-15

Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն գոյացուցած են սուրիական Ժարապլուս եւ Մարէ քաղաքներուն միջեւ երկարող տարածքը մաքրելու ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութենէն եւ պահպանելու, ապա զայն Սուրիական ազատ բանակին յանձնելու:

Ըստ համաձայնութեան, որուն մանրամասնութեանց ծանօթացած է «Հիւրրիյէթ»-ը, երկու երկիրները ստորագրած են փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը եւ աշխատանք կը տանին զինուորական գործողութեան մը ծրագիրին վրայ, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծրագիրէն տարբեր է:

Նոր ծրագիրին համաձայն, թրքական կործանիչներ պիտի միանան նշեալ շրջանը ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութենէն ձերբազատելու համար կատարուող օդային հարուածներուն: Երկու երկիրները նաեւ պիտի աջակցին գետնի վրայ գտնուող ընդդիմադիր ուժերուն: Ծրագիրը նաեւ կը նախատեսէ ՏԱՀԵՇ-ը շրջանէն դուրս մղելէ ետք` Թուրքիոյ մէջ գտնուող գաղթականներ կամաւորաբար ուղարկել այդ շրջան:

Երկու երկիրներուն նախագահները ստորագրած են փաստաթուղթը, որ կը խուսափի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը նշելէ, սակայն երկու երկիրները բերանացի համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ նշեալ կուսակցութեան պիտի չարտօնուի Եփրատ գետէն դէպի արեւմուտք անցնիլ, ինչպէս նաեւ պիտի կանխարգիլուի, որ կուսակցութիւնը եւ Սուրիոյ բանակը ՏԱՀԵՇ-էն դատարկուած շրջանները լեցնեն:

Թուրքիա Միացեալ Նահանգներուն յայտնած է, որ պիտի հարուածէ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, եթէ Եփրատ գետը կտրէ, նոյնիսկ եթէ Թուրքիան թիրախ չդարձնէ:

Փաստաթուղթին գործնական մանրամասնութիւնները պիտի ներառուին երկու երկիրներու բանակներուն կողմէ պատրաստուելիք գործողութեան ծրագիրին մէջ: Ծրագիրին հիմամբ ամերիկեան պատերազմական օդանաւեր Ինճիրլիքի կողքին պիտի տեղակայուին թրքական երեք նահանգներու` Պաթմանի, Տիգրանակերտի եւ Մալաթիոյ մէջ:

Ծրագիրին ծիրին մէջ ամերիկեան «Փաթրիոթ» համակարգէն աւելի մեծ կարողութիւններ ունեցող հակաօդային համակարգեր պիտի տեղակայուին վերոնշեալ ռազմակայաններուն մէջ:

Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի տեղեկութեանց, «Փաթրիոթ»-ները Թուրքիայէն հեռացնելու ամերիկեան որոշումը մէջտեղ եկած է Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ Ինճիրլիքի ռազմակայանի օգտագործման շուրջ բանակցութեանց ընթացքին: Աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ»-ին յայտնած են, որ ՕԹԱՆ-ի երկու ռազմավարական հրամանատարներէն մէկը` Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն գերագոյն հրամանատարը յայտնած է, որ Սուրիոյ ունեցած հրթիռային համակարգերէն պաշտպանուելու համար «Փաթրիոթ»-ներու կարիքը չկայ: Պաշտօնատարներ «Հիւրրիյէթ»-ին յայտնած են, որ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի նախկին պետ Նեճտեթ Էօզել եւս «Փաթրիոթ»-ներու տեղակայման անհրաժեշտութիւն չէ տեսած:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Որդեգրած Է Յունաստանին Օգնելու Ծրագիրը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը Կ՛առաջարկէ Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւնները Կատարել 1 Նոյեմբերին

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.