
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Աշթըն Քարթըր յայտնեց, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ աւելին պէտք է ընէ: Ան գնահատեց Թուրքիոյ կողմէ ամերիկեան կործանիչներուն իր ռազմակայանները օգտագործելու վերջերս տուած արտօնութիւնը, սակայն աւելցուց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան ղեկավարները Անգարայի հետ «աշխուժ քննարկումներ» կը կատարեն` իսլամական զինեալներուն Թուրքիոյ սահմանէն Իրաք եւ Սուրիա ներթափանցման արգելակումը բարելաւելու կարիքին շուրջ:
«Ասիկա պէտք է կատարուի: Արդէն ուշացած է, որովհետեւ (ՏԱՀԵՇ-ի դէմ) պայքարի սկիզբէն մէկ տարի անցած է: Սակայն ներկայիս թուրքերը նկատառելի ջանքեր ցոյց կու տան, ներառեալ` մեզի իրենց օդուժի ռազմակայանները օգտագործել արտօնելը», ըսաւ ան Փենթակոնի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, սակայն աւելցուց. «Ատիկա կարեւոր է, սակայն ոչ բաւարար»:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիան իր սահմանը աւելի լաւ պէտք է վերահսկէ, «քան ինչ որ կատարած է անցեալ տարուան ընթացքին»:
Քարթըր լրագրողներուն յայտնեց, որ իր կարծիքով` Թուրքիան չի դժկամիր` նշելով. «Գործնական քայլերուն վրայ կ՛աշխատինք»:
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն ՏԱՀԵՇ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ քարիւղի առեւտուրին մասին կը ստանայ հետզհետէ յաւելեալ տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, այդ առեւտուրը արդէն կ՛ընթանայ 2-2,5 տարիէ ի վեր եւ ՏԱՀԵՇ-ի համար օրական 1-4 միլիոն տոլար եկամուտ կ՛ապահովէ: